Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ, Ռիատի Եւ Մութթահետ` Յաղթական
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանարայի մէջ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ 93-32 արդիւնքով յաղթեց Հուփսին: ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) Անդրանիկ Պէյրութ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 101-37 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պիլիվըրզը: Իսկ Պըրժ Այնթուրայի իր դաշտին վրայ նոյնանուն խումբը 50-28 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Մութթահետէն:
Ինչ կը վերաբերի չորրորդ մրցումին, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ իրարու դէմ պիտի հանէր ՀՄԸՄ Անթիլիասը եւ Լիբանանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը, տեղի չունեցաւ:
Շաբաթ առաւօտեան, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստանալով ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբին պատասխանատուներէն մէկէն, իմացանք, որ այդ մրցումը յետաձգուած է, հակառակ անոր որ դասաւորում կատարուած էր եւ ՀՄԸՄ-ի համակիրները փոխադրելու համար փոխադրակառքեր ալ ապահովուած էին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. խմբակի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Անդրանիկ Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) 81-62 արդիւնքով յաղթեց Անթունիէին:

