Կռփամարտ. Աբրահամի Յաջորդ Մրցակիցը Պիտի Ներկայացնէ Մոնթենեկրոն

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի «WBO»-ի դասակարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ, աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը պաշտպանելու համար 3 մայիսին Պերլինի մէջ (Գերմանիա) ճակատում մը ունի կատարելիք, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` իր այս տեղեկութիւնը քաղելով կռփամարտիկին մամլոյ քարտուղարութենէն:

Աբրահամի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նիքոլա Սիեքլոցա, որ արձանագրած է 26 յաղթանակ (8-ը` նաքաութով) եւ կրած մէկ պարտութիւն, իսկ Աբրահամ արձանագրած է 39 յաղթանակ (28-ը` նաքաութով) եւ կրած 4 պարտութիւն:

Իր խօսքին մէջ Աբրահամ ըսած է. «Վերջապէս վերանուաճեցի «WBO»-ի ախոյեանութեան տիտղոսը եւ մտադիր չեմ յառաջիկային զանիկա կորսնցնել: Հետեւաբար, այժմէն իսկ պէտք է սկսիմ լաւ նախապատրաստուելու այդ մրցումին»:

 

Share this Article
CATEGORIES