1 Ապրիլին. «Սփոր Էվազիոն»-ի Մամլոյ Ասուլիսը
Յաջորդաբար 7-րդ տարին ըլլալով «Սփոր Էվազիոն» ընկերութիւնը կը կազմակերպէ Պէյրութի 7-րդ մարզական խաղերը, որոնց մասնակցելու հրաւիրուած են բոլոր ընկերութիւնները, բնականաբար կապ հաստատելէ ետք կազմակերպիչ ընկերութեան հետ:
Այս գծով ընկերութեան տնօրէն Պասսամ Թըրք յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդէ մարզական լրագրողներուն:
Ան իր մամլոյ ասուլիսը պիտի կատարէ երեքշաբթի, 1 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, «Քաունթրի լոճ» մարզահամալիրին մէջ (Պսալիմ):
CATEGORIES Մարզական

