Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ կարեւոր եւ մեծ աշխատանքներ ունիք կատարելիք, զանոնք ձգեցէք աւելի ուշ ժամանակի մը, որովհետեւ հիմա կարելիութիւն չունիք իրագործելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ունիք դրական միտքեր, զանոնք փոխանցեցէք ձեր շուրջիններուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ մէկուն փոխ դրամ տուած էք եւ չէ վերադարձուցած, պահանջեցէք, մոռնալու հարց չըլլայ: Ձեր իրաւունքը պաշտպանեցէք, որը ունի շահեր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամուսնական կամ զոյգերու ընկերակցութեան մէջ եթէ անկեղծ խօսակցութիւնը բացակայի, անհամ հարցեր կը ստեղծուին, հետեւաբար խօսեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ջղայնութեան, բարկութեան պարագային զսպեցէք ձեր լեզուն, ամէն ինչ մի՛ խօսիք, որպէսզի ետքը չզղջաք: Համբերութիւնը կեանք է, իմացէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տունէն դուրս ելէք, գացէք շարժանկարի սրահ մը` լաւ ժապաւէն մը դիտելու: Այս է այսօրուան միակ միջոցը` ճնշուած վիճակէն դուրս գալու համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պահուած մի՛ մնաք մեկուսանալով, գացէք ձեր բարեկամներուն մօտ, որպէսզի փոխուի, բարելաւուի ձեր տրամադրութիւնը: Յոյսով ապրեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բնութիւնը ձեզ կը կանչէ, գացէք անոր մօտ` փոխանակ տան մէջ մնալու: Օրը ունի ուրախանալու լաւ առիթներ, հետեւաբար դժգոհ մի՛ մնաք, ճիշդ չէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պատանի կամ երիտասարդ անձերու հասկցուցէք դրամին արժէքը, որպէսզի զուր տեղ դրամ չմսխեն: Դաստիարակեցէք զանոնք, մի՛ մոռնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի արժանանաք շնորհաւորութեան` ձեր արժանիքներուն եւ ձեր ազդու գործունէութեան համար: Շարունակեցէք առանց ընկրկելու, նոյն թափով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լսեցէք բժիշկին խորհուրդները եւ հետեւեցէք անոր ցոյց տուած ապրելակերպին եւ սնունդին, որպէսզի մնաք բարեձեւ ու առողջ: Անտարբեր մի՛ մնաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ծրագիր մը ունիք, որուն կիրարկման համար կ՛աճապարէք եւ հապճեպ որոշում կու տաք: Ասիկա օգտակար չէ, պէտք է աւելի լաւ մտածէք եւ ետքը կիրարկէք ձեր որոշումը: Խոհեմ եղէք:

