50 Տարի Առաջ (25 Մարտ 1964)
Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին
Խորհրդային երկրախուզական արշաւախումբ մը մոմիայ մը կը գտնէ Եգիպտոսի մէջ, սակայն չի կրնար որոշել, թէ ո՛ր ժամանակաշրջանին կը պատկանի: Չեկայի անդամը, որ կ՛ընկերանար խումբին, մէկ կողմ կը հրէ միւսները եւ առանձին մտնելով գերեզմանը` հոն կը մնայ երկու ժամ:
Դուրս գալէն ետք, լուրջ դէմք մը առնելով, կը լուսաբանէ. «Մոմիան 3056 տարուան հնութիւն ունի»: Գիտնականները զարմացած հարց կու տան. «Ինչպէ՞ս գիտցար այս բոլորը». «Շատ պարզ է»,- կը պատասխանէ ոստիկանը, մոմիան խոստովանեցաւ»:
***
Փեթրով.- Տեւաբար ձայնասփիւռէն կը լսենք, թէ մենք մեծ քանակութեամբ կ՛արտադրենք միս, կաթ եւ կարագ: Տակաւին սառնարանս կը մնայ դատարկ: Ի՞նչ պէտք է ընեմ:
Իվանով.- Սառնարանդ բաց պահէ ձայնասփիւռին առջեւ…
***
Լեհ մը դժոխք կը հասնի: Սատանան իրեն հարց կու տայ, թէ ո՞ր մասը կը նախընտրէ մնալ, դրամատիրակա՞ն, թէ՞ համայնավարական: «Դժբախտաբար համայնավարական,- կը պատասխանէ ան, գէթ գիտեմ, որ ջեռուցիչները չեն աշխատիր»:
***
Առաջին արեւելգերմանացին.
– «Կը մտածեմ հաւաքական ագարակի մը մէջ բնակող հօրեղբօրս նուէր մը տանիլ:
Երկրորդ արեւելգերմանացին.
– Ի՞նչ կը մտածես տանիլ:
Առաջինը.- Ծրար մը միս:
Երկրորդը.- Ի՞նչ կ՛ըսես, նորէ՞ն ձի չէ մնացած…
***
Առաջին ռուսը.- Կը լսեմ, թէ պետութիւնը ծրագրած է երկրագործական նախարարութեան գրասենեակները թանգարանի վերածել:
Երկրորդ ռուսը.- Ինչո՞ւ:
Առաջինը.- Այս ձեւով մարդիկ կրնան տեսնել, թէ ցարական օրերուն գործերը որքան, անճարակ ձեւով կը կառավարուէին:
Սուգը Ազգէ Ազգ
Հայերէն սուգ բառը փոխ առնուած է պահլաւերէնէ եւ կը նշանակէ վիշտ:
Արդ, սուգը, ըստ պատմական վկայութեանց, վիշտ է եւ ցաւ, այսինքին տառապանքի մը նշանը` հոգեկան եւ ֆիզիքական կրկնակ արտայայտութիւններով, սիրելի էակի մը մահուան պատճառով: Ասկէ` այն տեսակէտը, թէ սուգը մնացորդ մըն է կրօնական հին արարողութեան մը: Կարգ մը հեղինակներ, սակայն, կը պնդեն, թէ մեռելներուն յիշատակը յարգելը` սուգ պահել, կարծուածին չափ նախնական աւանդութիւն մը չէ, որովհետեւ քաղաքական որոշ գոյն ունի: Այսպէս կամ այնպէս, սուգի այլազան աւանդութիւններ կան, որոնք կը մնան դարերէ ի վեր, ամէն ժողովուրդի մօտ:
Հայերը սուգ կը պահեն սեւ հագնելով, այրերը չեն ածիլուիր քառասուն օր, եւ եթէ հաւատանք Քսենեֆոնի, հին հայերը կը ճանկռտէին իրենց երեսները, կը պատռէին իրենց զգեստները եւ ափսո՜ս կը կարդային բարձրաձայն (Կիւր. Գ. 1):
Ֆրէյզըր, յիշատակելով այս վկայութիւնը, կը մոռնայ աւելցնել, թէ նման սովորութիւն մը ունէին ոչ միայն պարսիկները, յոյները, այլեւ նոյնիսկ հռովմայեցիները, որոնք, ի վերջոյ, մասնաւոր օրէնքով մը արգելք դրին: (Վարրոն կ՛ըսէ, թէ երես ճանկռտելը, արիւն հոսեցնելը կու գայ հեթանոսական սովորութենէ մը` արիւնը զոհ տանիլ աստուածներուն` հանդարտեցնելու համար անոնց սիրտը):
Եգիպտացիները կ՛ածիլէին իրենց յօնքերը` պահելու համար մօր կամ հօր սուգը, (իսկ շան մը սուգը` եգիպտացւոց ամենամեծ սուգը, պահելու համար մազ չէին ձգեր իրենց մարմինին վրայ):
Յոյներուն մօտ ցեղէ ցեղ կը տարբերէր սովորութիւնը: Աթենացիք այրերուն կը պարտադրէին երկարել իրենց գլխուն մազերը, իսկ կիներուն` ածիլել: Լիւկիացիները կնոջական զգեստ կը հագցնէին այն այրերուն, որոնք կ՛ուզէին սուգ պահել, որովհետեւ սուգը տկարութիւն կ՛ենթադրէ, ատոր համար էր, որ պատերազմի մէջ ինկած քաջերուն յիշատակը կը յարգէին խրախճանքով, ու սգալու կը մղէին այն ծնողները, որոնց զաւակները ողջ մնացած էին կռիւէն:
Հին գաղդիացիները երբեք չէին սգար մեռելներուն վրայ, ստոյիկեան կեցուածքով կը դիմաւորէին մահն ու դժբախտութիւնը. ըստ իրենց, մեռելները յարգելու լաւագոյն եղանակն էր լուծել անոնց վրէժը:
Հրեաները, թերեւս իրենց պատմութենէն թելադրուած, սուգի այլազան սովորութիւններ ունէին. 1.- Լալ եւ ողբալ: 2.- Նստած մնալ ցոյց տալու համար, թէ ուժ չունին այլեւս շարժելու: 3.- Լռութիւն պահել: 4.- Պատռել զգեստները: 5.- Քուրձ հագնիլ: 6.- Կտրել մազերը: 7.- Բոկոտն քալել: 8.- Ծոմ պահել: 9.- Մոխիր ցանել գլխուն եւ աղբի վրայ նստիլ: 10.- Մութ գոյն զգեստներ հագնիլ (սեւը այժմ սուգի նշան է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մանիշակագոյնը` Թուրքիոյ, աշնանահար տերեւի գոյնը` Եգիպտոսի, գորշը` Եթովպիոյ, սպիտակը` Ճափոնի, դեղինը` Փեկուայի մէջ, իսկ Ֆրանսայի մէջ հին ատեն թագաւորները սուգի նշան ընտրած էին մանիշակագոյնը, թագուհիները` սպիտակը):
ԱՐԱԶ
«Մ.»
Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Հռչակաւոր
Հայագէտ Փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի
Հայկազեան քոլեճի հայագիտական ամպիոնին հրաւէրով երկուշաբթի կէսօրէ ետք Պէյրութ ժամանեց Փարիզի Արեւելագիտութեան ազգային ամպիոնի դասախօս եւ հանրածանօթ հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտի: Օդակայան փութացած էին քոլեճին տնօրէնութիւնը, դասախօսական կազմը եւ քաղաքիս մտաւորական դասը:
Երեքշաբթի երեկոյեան, ժամը 6-8, Հայկազեան քոլէճի տնօրէնութիւնը տուաւ փառաւոր ընդունելութիւն մը` ի պատիւ հայագէտ հիւրին: Ընդունելութեան ներկայ էին Տաճատ արքեպիսկոպոս եւ քոյր համայնքներու մշակութային միութեանց եւ մամլոյ ներկայացուցիչներն ու մեծ թիւով հայ թէ օտար հիւրեր: Ներկաները մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ ծանօթացան յարգելի փրոֆեսէօրին:
Ցրուած յայտագիրները հակիրճ տողերով կը ներկայացնէին փրոֆ. Ֆէյտիի կենսագրական գիծերը:
Հայկազեան քոլեճի մէջ մեծ հայագէտը ապրիլի 2-էն սկսեալ պիտի տայ տասնեակ մը դասախօսութիւններ` գրաբար լեզուի եւ հայ մատենագրութեան մասին:

