Ծերանոց Այցելութիւն Մը

IMG_3687Այնճարի Հայ աւետարանական երկորդական վարժարանը 2013 – 2014 կրթական շրջանին իր դպրոցական աշխատանքներուն մէջ կը կիրարկէ «Կարողութիւններ զարգացնելու» ծրագիրը, որուն ընդհանուր պատասխանատուն է Գայիանէ Մսըրլեան: Որպէս այս ծրագիրին գործնական մաս` , երկրորդականի աշակերտները, կ՛այցելեն ընկերային հաստատութիւն եւ կը ջանան ծառայութիւն մատուցանել այդ հաստատութեան մէջ:

Շաբաթ, 15, մարտ 2014-ը բացառիկ օր մըն էր դպրոցին համար: Նկատի առնելով, որ 2014 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ յայտարարուեցաւ հայ ծերունիի տարի, Այնճարի Հայ աւետ. երկրորդական վարժարանի աշակերտները այցելեցին Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց: Այդ օրը յատուկ եղաւ հայ ծերունիներուն համար, որոնք յիշեցին իրենց մանկութիւնը եւ գոհունակ օր մը անցուցինք աշակերտներուն հետ:

Նախ կատարուեցաւ պաշտամունք, զոր առաջնորդեց դպրոցի տնօրէն վեր. Ր. Մսըրլեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Աստուածաշունչէն Նիկոդիմոսի` շեշտելով, որ ան իր խոր տարիքին մէջ Յիսուսի քով գալով սորվեցաւ եւ գիտցաւ Աստուծոյ փրկութեան շնորհքին մասին: Վերապատուելին եզրակացուց իր խօսքը` ըսելով, որ ծերունիներ նոյնիսկ իրենց ծերութեան, սորվելիք ունին Աստուծոյ խօսքէն եւ հրաւիրուած են Աստուծոյ մօտենալու ու անոր հետ անձնական յարաբերութիւն մշակելու: Պաշտամունքին իրենց բաժինը բերին աշակերտները` երգեցողութեամբ եւ համարներու ընթերցումով:

IMG_3711Պաշտամունքին յաջորդեց գեղարուեստական փոքր յայտագիր մը, ուր երիտասարդներն եւ պարմանուհիները իրենց երգերով, պարերով եւ խաղերով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Մթնոլորտէն քաջալերուած ծերունիները, հակառակ իրենց շարժելու դժուարութեան, դողդոջուն քայլերով աշակերտներուն ձեռքերը սեղմած  շուրջպար բռնեցին, ընկերակցեցան անոնց երգերուն, մասնակցեցան աշակերտներուն պատրաստած հաճելի խաղերուն:

Այդ օրուան ճաշին ամբողջական ծախսը տրամադրուած էր Այնճարի Հայ աւետ. երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն կողմէ: Աշակերտներ իրենց գործնական բաժինը բերին` մասնակցելով ճաշի մատակարարման աշխատանքներուն:

Այս բոլորին փոխարէն ծերունիներ փոխանցեցին իրենց սրտաբուխ աղօթքները:

Ծերունիներուն ժպիտը անպակաս էր, կարծէք անոնք կարօտ ունէին այս մատղաշ նոր սերունդին, որոնք իրենց առօրեայ դասերուն եւ աշխատանքներուն կողքին մտածած էին տարեց մամիկին եւ պապիկին մասին` իրենք եւս անոնց օրհնութեան արժանանալով:

IMG_3545

Share this Article
CATEGORIES