Գարնան Առաջին Օրը` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

CIMG6232Գարնան առաջին օր` 21 մարտ 2014-ին, Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճի աշակերտութիւնը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց գարունը, միաժամանակ խոստանալով պահպանել երկրագունդը, կենսոլորտը եւ իր միջավայրը:

Այս առիթով տեղի ունեցաւ «Ըրթ տէյ» երկրագունդի օր, որուն բացումը կատարեց  Սեւան Կարապետեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Ըրթ տէյ» համաշխարհային օրը ապրիլ 22-ն է, սակայն դպրոցը նախընտրած է զայն նշել 21 մարտին` գարնան առաջին օրը, որպէսզի վայելելով գարնան, ինչպէս նաեւ երկրագունդի բարիքները, մենք մեր կարգին պահպանենք երկրագունդը, չարաչար չգործածենք անոր բարիքները, որպէսզի միշտ ծաղկի գարունը մաքուր, առողջ եւ ուրախ:

CIMG6224Ապա ամբողջ աշակերտութիւնը բաժնուեցաւ խմբակներու, որոնց իւրաքանչիւրին համար պատրաստուած էին տարբեր աշխատանքներ տարբեր կրպակներու տակ: Միջնակարգի Ը. եւ Թ. կարգի աշակերտները ներկայ գտնուեցան վերամշակման մասին դասախօսութեան մը` Պօղոս Ղուկասեանի կողմէ: Զ. եւ Է. կարգի աշակերտներուն կրպակին տակ զետեղուած էր աղբերու կոյտ մը. անոնց պարտականութիւնն էր պատրաստել տուփեր, ապա դասաւորել աղբերը իրենց յատուկ տուփերուն մէջ: Ինչպէս նաեւ անոնք կատարեցին փորձարկումներ` տաքութեան եւ հովի ջերմուժները քննելու նպատակով: Ե. կարգի աշակերտները պատրաստեցին նշաններ` աղբը աղբամանին մէջ թափելու, ջուրը եւ ելեկտրականութիւնը խնայողութեամբ գործածելու վերաբերող: Ապա այս նշանները կախեցին իրենց յատուկ վայրերուն մէջ: Դ. կարգի աշակերտները պատրաստեցին պտուղով խորոված` քաջալերելու առողջապահական ուտելիքը: Գ. կարգի աշակերտները սորվեցան «Ըրթ տէյ»-ի յատուկ երգ, ինչպէս նաեւ խաղի ընդմէջէն պատասխանեցին աշխարհին եւ կենսոլորտին մասին տարբեր հարցումներու: Ա. եւ Բ. կարգի աշակերտները եւս սորվեցան «Ըրթ տէյ»-ի յատուկ ուրիշ երգ մը, ինչպէս նաեւ այս առնչութեամբ  յատուկ վարժութիւններ կատարեցին: Մանկապարտէզի աշակերտները իրենց ներդրումը ունեցան այս ձեռնարկին` պատրաստելով տարբեր խմբային ձեռային աշխատանքներ` նիւթ ունենալով աշխարհը եւ գարունը: Կար նաեւ նարինջ քամելու յատուկ խմբակ մը,որ կը միտէր առօրեայ դրութեամբ նարինջ խմելու միտքը զարգացնել աշակերտներուն մօտ: Ինչպէս նաեւ կար խմբակ մը, որ հաստ կտաւի վրայ պատրաստեց երկրագունդին նկարը:

CIMG6244Ձեռնարկի աւարտին իւրաքանչիւր խմբակ ներկայացուց իր աշխատանքը: Ապա աշակերտները կերան առողջապահական պտուղները եւ խմեցին նարինջի հիւթը:

Օրուան հաղորդավարը` Սեւան Կարապետեան տուաւ օրուան եզրակացութիւնը, թէ պէտք է մաքուր պահենք մեր միջավայրը, ուտենք առողջապահական ուտելիքներ, խնայողութեամբ գործածենք ջուրը եւ վառելանիւթերը ինչպէս նաեւ գործածենք ոչ վնասակար, բնական ջերմուժեր, ինչպէս հովը եւ արեւը: Պահպանենք մեր երկրագունդը, որպէսզի ապրինք մաքուր միջավայրի մէջ, առողջ եւ ուրախ:

Share this Article
CATEGORIES