Արա Նախշքարեան Այցելեց Այնճարի Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարան
«Ես այստեղ հասկցայ, թէ ինչ կը նշանակէ հայ», ըսաւ Արա Նախշքարեան, երբ երեքշաբթի, 17 մարտին հանդիպում ունեցաւ Այնճարի ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանին 10-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ:
Գիւմրիի թիւ 3 աւագ դպրոցի պատմութեան դասատու, եւ նոյն դպրոցի «Հայեացք» մանկապատանեկան պարբերաթերթի հիմնական պատասխանատու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ` Լիզպոնի տղոց նահատակութեան 30-ամեակի առիթով հրատարակուած «Լիզպոնի իմ ընկերները» գիրքի հեղինակ` Արա Նախշքարեան Գիւմրիի իրավիճակին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց աշակերտներուն:
Ա. Նախշքարեանի այցելութեան առիթով, 10-րդ դասարանի աշակերտները պատրաստած էին Գիւմրիի մասին ուսումնասիրութիւն մը, զոր ներկայացուց Կրէյս Գալուստեան:
Լսելէ ետք աշակերտներուն ուսումնասիրութեան մասին` Ա. Նախշքարեան յայտնեց, թէ ընթերցուած տեղեկութիւնները ներկայ պայմաններուն որոշ փոփոխութիւններ կրած են, որովհետեւ այնտեղ չկան գեղատեսիլ վայրեր, իսկ մշակութային հարստութիւնը` երբ Գիւմրին կը հանդիսանար հայրենի բազմաթիւ տեսերիզներու, ինչպէս, «Հին օրերի երգը», «Կտոր մը երկինք»-ի… նկարահանման վայր ու «Անոյշ Օփերա»-ի առաջին բեմականացման կերդոն, այժմ` նահանջ արձանագրած է:
Ան ըսաւ, որ 1988-ի երկրաշարժէն ետք Գիւմրին ամբողջովին յեղաշրջուած դիմագիծ ստացած է, ուր մարդիկ տակաւին կ՛ապրին այն օրերէն իրենց յանձնուած տնակներու մէջ:
Խօսելով աշխատանքային պայմաններուն մասին` Արա Նախշքարեան յայտնեց, որ միայն դպրոց, համալսարան եւ հիւանդանոց կրնան գործ հայթայթել ուսեալ խաւին, այլապէս բանուոր խաւը ոչ մէկ աշխատանքի առիթ ունի:
Տուեալ կացութեան հիմնական պատճառներէն են արտագաղթն ու անտէր, լքուած իրավիճակը:
Իսկ անդրադառնալով երիտասարդութեան եւ դպրոցներու ցանցին` ան ըսաւ, որ տակաւին կան երիտասարդներ, որոնք գիտեն պատեհ առիթներով մարդկային անիրաւութիւններու դէմ ելլել եւ նախաձեռնել հանդիսութիւններու` հայկական տօներու եւ յիշատակելի թուականներու առիթներով:
«Իսկ դպրոցները,- ըսաւ ան,- կը գտնուին դժուար պայմաններու մէջ, ուր աշակերտութեան մէջ կայ հայրենասիրական ոգիի պակաս, առ այդ հայոց պատմութեան պահերուն անոնց կը փոխանցուի ոչ միայն պատմութիւն, այլ նաեւ յեղափոխական երգերու ուսուցում, որուն միջոցով աշակերտը կը ծանօթանայ թէ՛ երգին, եւ թէ՛ պատմութեան»:
Պատասխանելէ ետք աշակերտներուն հարցումներուն` ան թելադրեց, որ հայրենասէր ըլլալէ աւելի ըլլան հայրենաճանաչ, գիտնան ու ճանչնան իրենց հայրենիքն ու մշակութային արժէքները ու միշտ պայքարին գոյատեւելու ու ապրելու որպէս իսկական հայ:

