Մոռացութենէ Դուրս Բերուած Թանկագին Տեղեկութիւններ. Խաչատուր Լեւոնեանի Հեղինակութեամբ` «Վան-Վասպուրական Աշխարհը», Խմբագրութեամբ Դոկտ. Ե. Քասունիի
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Պատմագիտական կարեւոր գործ մըն է դոկտ. Երուանդ Քասունիի խմբագրած, կազմած եւ ծանօթագրած «ՎԱՆ-ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ» գիրքը, զոր հեղինակած է Խաչատուր Լեւոնեան: Ազգային բարերար «Կարպիս Լ. Նազարեան» հիմնադրամի թիւ 20 հրատարակութիւնն է ան, որ լոյս տեսած է «Տիզայն Քեստենեան» տպարանէն, Պէյրութ, 2013-ի վերջերը: Գիրքը կը բաղկանայ 320 էջերէ:
«Ներկայ հատորը կը նպատակադրէ նախ հայագիտական շրջանակներու սեփականութիւնը դարձնել Խ. Լեւոնեանի անունն ու գործը», գիրքին յառաջաբանին մէջ կ’ըսէ դոկտ. Ե. Քասունի: Հեղինակը` Խաչատուր Լեւոնեան Վանի Աղջկանց վարժարանի տնօրէնը եղած է: Ան յայտնի էր իբրեւ հեղինակ, հնագէտ եւ լրագրող: Աշխատակցած է Կ. Պոլսոյ «Աւետաբեր»-ին, որուն մէջ հրատարակած է «Քրտօ-հայ ցեղաբանութիւն եւ քիւրտի ցեղային յատկանիշը» յօդուածը, 24 եւ 31 մայիս 1913-ին: Հեղինակին անձին եւ գործերուն մասին, դոկտ. Քասունի նախ դիպուածով մը իմացած է վեր. Ս. Ճ. Ուիլսընի Խոյէն (Պարսկաստան) ղրկած նամակին բովանդակութենէն եւ ապա անխոնջ աշխատանքով ու պրպտումներով ի յայտ բերած է արխիւային տեղեկութիւններ: Այս տեղեկութիւններէն կ’իմանանք, թէ Խաչատուր Լեւոնեան ծանօթ եւ հեղինակաւոր խմբագիրներու, մտաւորականներու եւ հայագէտներու հետ նամակագրութիւն ունեցած է: Անոնցմէ են, ի շարս այլոց, հայր Սուքիաս Էփրիկեան եւ Մաղաքիա արք. Օրմանեան: Լեւոնեանի աշխատասիրութիւններէն ոմանք Իզմիրեանց մրցանակի արժանացած են: Այս ուղղութեամբ յարգելի խմբագիրը կ’ըսէ. «Ինչ որ անգամ մը եւս կ’ընդգծէ այն իրողութիւնը, որ յանձին Խ. Լեւոնեանի, հայ բանասիրութիւնն ու պատմագրութիւնը ունէր կողմնորոշուած, ճարտար ու վաստակաշատ մշակ մը, որ իր ստեղծագործութեան հասուն տարիքին մէջ զոհը կը դառնար թուրք դահիճներու հայասպան քաղաքականութեան»:
Հեղինակը` Խաչատուր Լեւոնեան գիրքին առաջին բաժինով կ’ուսումնասիրէ հայ ժողովուրդի աւատական շրջանը, երբ տասնմէկերորդ դարուն փուլ կու գան Բագրատունեաց եւ Արծրունեաց հարստութիւնները, եւ Կիլիկիոյ մէջ կը ստեղծուի Ռուբինեան հարստութիւնը: Ժամանակաշրջան մը, երբ Կիլիկիայէն դուրս գտնուող հայութեան վիճակը դէպի գէշ կ’ընթանար, մանաւանդ` Վան-Վասպուրականի մէջ: Կ’ըլլան ժամանակներ, երբ այս շրջանները` Վանէն մինչեւ Բաղէշ ու Մուշ, պարսիկներու ձեռքը կ’անցնին ու կը կառավարուին խաներով կամ սուլթաններով: Վան-Վասպուրականի հայութիւնը երկու կրակի միջեւ կը տառապի, մէկ կողմէ բնիկ վայրենի քիւրտերուն եւ թուրքերուն լուծին տակ, միւս կողմէ ալ` յարձակող պարսիկներու սուրին տակ: Այս կացութիւնը կը տիրէ մինչեւ սուլթան Սիւլէյման Ա. Քանունիի (1520-1566) օրերը, երբ օսմանցիները Շահ Թահմազէն (1525-1576) ետ առնելով այդ շրջանները` կը կցեն իրենց ընդլայնող պետութեան: Հեղինակը կը խօսի գրաւման ուժերու կառավարման եւ տուրքերու մասին մանրամասնութիւններ տալով:
Գիրքին երկրորդ գլուխին մէջ Խաչատուր Լեւոնեան գաւառի տնտեսական հարցերը կը լուսաբանէ: Յատկանշական է շրջանի քիւրտերուն մակաբուծային բնաւորութիւնը: Պատմական տեղեկութիւններու կողքին կը գտնենք աշխարհագրական բազմաթիւ տուեալներ: Թուրքին, քիւրտին եւ պարսիկին` հայուն դէմ գործած անարդարութիւնները շեշտելով, Լեւոնեան յատուկ հատուածով մը «Տխուր դէպքեր» խորագրութեամբ, կ’անդրադառնայ գործուած ոճիրներուն եւ խժդժութիւններուն: Ան կը յիշէ նաեւ ներքին թշնամին, որ հայ քաղքենի դասակարգն է, զայն «պատուաւոր աւազակներ» անուանելով: Այս դասակարգը «իր մասնաւոր շահուն համար ընդհանրական շահը կը վտանգէ` ժողովուրդի կեանքին հետ խաղալով» կ’ըսէ Լեւոնեան:
«Տխուր նոթեր մեր անցեալէն» խորագրին տակ հեղինակը գիրքին երրորդ գլուխին մէջ աւելի կը բացայայտէ թուրքերու անիրաւ վերաբերմունքը հայոց հանդէպ: Հոս հեղինակը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հայոց վրայ պարտադրուած տուրքերը: Հայը թուրքին բարեւելու կամ բարեւ ստանալու, խոնարհութիւն ընելու «պատիւը» ձեռք ձգելու, տան մէջ թթխմոր պահելու, թոնիր պահելու համար թուրքին տուրք կը վճարէր: Պատերազմի ժամանակ զինուորական ծախսերը հոգալու համար ամէն հայ չափահաս արու տուրք կը վճարէր: Ու տակաւին, տուրքերու տեսակներուն շարքը կ’երկարի: Հայ ննջեցեալ մը թաղելու արտօնագիրը խիստ անարգական ոճով գրուած կ’ըլլար, եւ որուն համար ննջեցեալին հարազատները դրամ կը վճարէին:
Չորրորդ գլխուն մէջ ահաւասիկ հայուն հնարագիտութիւնը ի յայտ կու գայ: Արդարեւ, Բզնունեաց (Ատիլճաւազ) գաւառի հայերը ազատագրեալ ցեղ մը կը նկատուէին սուլթաններուն եւ թուրք հասարակութեան կողմէ (մանրամասնութիւնները կարդալ էջ 56-60): Բզնունեաց գաւառէն հայ ցեղի նահապետ քահանան իսլամներու վիրաւոր խալիֆա Ալին բուժած էր եւ փոխարէնը իր ազգակիցներուն համար շնորհք խնդրած էր անկէ: Այս շնորհքին ընծայումը դարէ դար շարունակուած էր եւ` սուլթաններու ֆերմաններով վաւերացուած: Հայկական այս ցեղը կը կոչուի «Թարխանլու» կամ «ազատեալ ծառայ տանն խալիֆայութեան»: Այսպիսով Բզնունեաց գաւառի հայերը ազատ, հարուստ եւ առողջ մարդիկ եղած են` զերծ մնալով տուրքերէ: Մինչ քիչ մը անդին ապրող իրենց արիւնակիցները տառապած են քիւրտերու եւ թուրքերու լուծին տակ: Այդուհանդերձ, սուլթան Ապտիւլ Համիտի օրով համիտիյէ քիւրտերը չեն խնայած այս ազատեալ հայ ցեղը եւ սովորութիւնը խախտելով` կողոպտած ու ջարդած են զանոնք: իթթիհատականները նոյն ազատութիւնը տուած են քիւրտերուն, հայոց դէմ գործադրելու ամէն վայրագ միջոց:
«Քիւրտեր եւ հայեր» գլուխին մէջ կը կարդանք երկու ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւններուն մասին: «Քիւրտեր ընդհանուր առմամբ երբեմն հայ իգական սեռին նամուսը իրենցինին չափ յարգի կը համարէին», կ’ըսէ Խաչատուր Լեւոնեան: Սակայն այս բարի դրացնութեան վերջ կը դրուի սուլթան Ապտիւլ Համիտի հրամանով, երբ ան համիտիյէի քրտական գունդերը կը կազմէ հայերը կողոպտելու եւ ջարդելու համար: «Քրտօ-հայ ցեղաբանութիւն եւ քիւրտի ցեղային յատկանիշը» գլուխին մէջ հեղինակը մանրամասնօրէն եւ փաստարկներով կը բացատրէ երկու ժողովուրդներու ծագման մասին: Ան կը հերքէ Մեվլանզատէի արտառոց ենթադրութիւնը, թէ հայերը քիւրտերէն ծագում առած են, աւելցնելով «քիւրտեր սկիզբէն մինչեւ հիմա իրենց առանձնայատուկ գիր եւ դպրութիւն չունենալնուն, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթական որեւէ հետք մը թողած չըլլալնուն համար, իրենց բուն ծագումը գրեթէ մութի մէջ կը մնայ ցարդ, մի միայն հիմնուած լինելով զանազան կարծիքներու եւ ենթադրութեանց վրայ»: Հոս հեղինակը կը յիշէ անունները այն հայկական ցեղերուն, որոնք քրտացած են.
1.- Բագրանցիք, որոնք յառաջ եկած են Բագրատունեան տոհմիկ ցեղէ: 2.- Մամկանցիք, որոնք յառաջ եկած են Մամիկոնեաններէն: 3.- Ռշկատօնցիք, որոնք յառաջ եկած են Ռշտունիներէ: 4.- Խչուրանցիք կամ խաչուրաց հայեր: 5.- Տիւտերցիք` Հայաստանի հարաւային շրջաններու մէջ ապրող վաչկատուն քիւրտեր: 6.- Մալէ Միքայէլցիք` քրտացած հայ քահանայ Միքայէլի անունով եւ կ’ապրին Արճէշի մէջ: 7.- Աւետանցիք` յառաջացած Աւետիսեաններէ, որոնք կը բնակին Առբերանիի սահմաններուն վրայ: 8.- Հայտերանցիք, որոնք կը բնակին Առբերանէն մինչեւ Արճէշ եւ Բզնունեաց գաւառի մէջ: 9.- Թագուրցիք՝ յառաջացած Թագւորենց մականունէն, որ Արծրունեաց Սենեքերիմ թագաւորին տոհմէն էր: 10.- Խաւշտանցիք, որ հայաստանցիք կը նշանակէ. կը բնակին Ջերմաձորի մէջ: Կան նաեւ ուրիշ քրտացած հայ ցեղեր:
«Հայ թագաւորներու օծման արարողութիւնը» վերնագրեալ գլուխը կը բացատրէ, թէ ինչպէս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով եպիսկոպոսներ կ’օծեն հայ թագաւորները` աղօթքներով եւ շարականներով:
Գիրքին «Տեղագրական» վերնագրեալ բաժինով հեղինակը աշխարհագրական եւ պատմական լայն տեղեկութիւններ կու տայ Վան-Վասպուրականի զանազան շրջաններուն մասին` սկսելով Նարեկ գիւղէն եւ վանքէն: Ապա կ’անցնի Վան քաղաք ու Աղթամար կղզին, ինչպէս նաեւ Առբերդի Ս. Աստուածածին վանք: «Աղթամարի թեմերը» վերնագրով ան կը յիշէ նաեւ ուրիշ վանքեր, ինչպէս` Ս. Աստուածածնի Արծուաբեր վանքը, Դիւաբոյնի Ս. Յարութիւն վանքը, Շախուռայ Ս. Աստուածածին կամ Սքանչելագործ վանքը եւ Նկար կամ Նկարենայ Ս. Ստեփանոսի վանքը:
«Դիցապաշտական նշմարներ գաւառի մէջ» խորագրով բաժնին մէջ Խ. Լեւոնեան մանրամասնօրէն կ’անդրադառնայ եւ ան կը բացատրէ գաւառի ռամիկ ժողովուրդին կողմէ գործածուող արտայայտութիւններուն, որոնք ընդհանրապէս հեթանոսական կամ սնահաւատ ապրումներու արտայայտութիւններ են: Չարին ու բարիին պայքարը եւ չարէն հեռու մնալու կամ չար ուժերը չնեղացնելու մտահոգութեամբ:
Հեղինակը յաջորդ բաժինը յատկացուցած է ժողովրդային տօներու յիշատակման եւ բացատրութեանց: Տեառնընդառաջը, Համբարձման տօնը եւ Վարդավառի տօնը լայն տեղ կը գրաւեն այս հատուածին մէջ: «Դպրոց եւ տպագրութիւն» բաժնին մէջ հեղինակը կը յիշէ վանական դպրոցներու շրջանը, ջուլհակ վարժոցի շրջանը եւ սովորական դպրոցի չորս ժամանակագրական շրջանները: Ապա կ’անցնի Վարագի Ժառանգաւորաց դպրոցին եւ մամուլին: Վերջապէս, ան կը մանրամասնէ իր օրով ժամանակակից դպրոցներու դրութիւնը «Արդի դպրոցական շրջանը» խորագրով: «Լեզուբանական» խորագրով Խ. Լեւոնեան ընթերցողին գաղափար մը կու տայ Վան-Վասպուրականի բարբառին մասին:
«Մտորումներ» վերնագրով բաժնին մէջ հեղինակը կը խօսի աստուծաբանական քանի մը նիւթերու մասին: «Հերձուած մարդկային երրորդութեան դէմ», «Մեռնիլը ոչնչանալ չէ» եւ «Սկեպտիկի մը մտածումները մահուան հանդէպ» թեմաներով: Ան կ’անդրադառնայ նաեւ ամերիկացի միսիոնարներուն քարոզչական աշխատանքներուն` Վանի մէջ:
Դոկտ. Ե. Քասունի Գիրքին վերջաւորութեան զետեղած է «Ծանօթագրութիւններ» խորագրով բաժին մը, որ շատ մեծ կարեւորութիւն ունի ընթերցողին համար: Կը գտնենք նաեւ Վան-Վասպուրական շրջանէն լուսանկարներ վանքերու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, կարեւոր անձնաւորութիւններու եւ այլ հաստատութիւններու: «Մատենագիտութիւն» բաժինը կը ցանկագրէ օգտագործուած աղբիւրները: Կը գտնենք նաեւ Խ. Լեւոնեանի եւ դոկտ. Ե. Քասունիի կենսագրութիւնները: Նոյնքան արժէքաւոր է խմբագրին ներածականը, որ գիրքին բովանդակութեան մէջ յիշուած ամէնէն կարեւոր հարցերը կը բացատրէ:
Որքան որ երախտապարտ ենք հեղինակին` Խաչատուր Լեւոնեանին, նոյնքան ալ` դոկտ. Երուանդ Քասունիին, որ այս ծանր աշխատանքը իր ուսերուն վրայ առնելով` պատմաբանին, բանասէրին եւ ընդհանրապէս ընթերցողին կը հրամցնէ արժէքաւոր եւ օգտակար տեղեկութիւններ:
3 մարտ 2014

