Այնճարի Խորհուրդը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Գործ ստեղծել Հայաստանի մէջ: Ներդրումներ կատարել, ձեռնարկութիւններ ստեղծել հայրենիքի մէջ: Ժամանակը անցած է բարեսիրութեանց, պէտք է աշխատավայրեր ստեղծելը դարձնենք սփիւռքահայերու, մանաւանդ դրամագլուխի տէր ազգակիցներու առաջնահերթութիւնը:

Անձնապէս չեմ կրնար հակաճառել այս գաղափարին: Անշուշտ, աւելի ճիշդ է ու արժանավայել, որ մենք` սփիւռքի հայերս, մեր հնարաւորութիւնները կեդրոնացնենք` գործ ստեղծող ձեռնարկութիւններ, աշխատանք հայթայթող գործարաններ բանալով Հայաստանի մէջ: Գիտեմ, որ աջէն ու ձախէն պիտի հնչեն նման մտադրութիւն ունեցող մարդոց զգուշացումները, թէ Հայաստանի մէջ գործ չես կրնար ընել, թէ` կը խաբեն, թէ` հարկային ճնշումներ դիմագրաւելու պարտաւորուած կ՛ըլլաս, թէ` թաղի «լաւ տղաք»-ը կրնան նեղութիւն պատճառել, բռնի գումարներ կորզելու փորձեր ընել, թէ…

Անշուշտ որ կայ Հայաստանի մէջ գործ ընողներու որոշ թիւ մը, որ յաջողութեան չէ հասած ու կորսնցուցած է մեծ կամ փոքր գումարներ: Ես ալ անոնց շարքին կրնամ դասուիլ: Բայց ես, անձնապէս, երբե՛ք իմ փորձառութիւնս իբրեւ օրինակ չեմ կրնար ներկայացնել ուրիշին: Ես գիտեմ իմ սահմանափակումներս, գործարարութեան հետ երբեք կապ չունենալու, ոչ ալ այդ ոլորտին մէջ որեւէ հմտութիւն ունենալու փաստս. իրապէս հրաշք պիտի ըլլար, եթէ յաջողէի: Պիտի ուզէի, որ ուրիշներ ալ իրենց ձախող փորձառութեանց իրական պատճառները փնտռէին եւ իսկական յանցագործութիւնները յայտնաբերելով` պախարակէին եւ նոյնիսկ խարանէին պատասխանատուները` ըլլան անոնք պետական անձեր կամ պաշտօնեաներու կողմէ հովանաւորեալներ:

Ամէն ինչ օրէնքով ընելը, բծախնդիր հաշուապահութիւն պահելը, հարկայինի բոլոր պահանջները յարգելով աշխատիլը կրնան նուազեցնել միջամտութիւնները, խանգարումները, ճնշումները, բայց եւ տակաւին պայմաններ կրնան ստեղծուիլ, երբ շահութաբեր գործերը կրնան վերածուիլ ձախողութիւններու:

Այս վիճակէն ելք փնտռող ընկերս, որ համտեսած է թէ՛ ձախողութիւնը եւ թէ՛ յաջողութիւնը` Հայաստանի մէջ գործ ընելով, կը թելադրէ բոլոր սփիւռքահայերուն, որ եթէ նախաձեռնող չեն, եթէ գործ բանալը տաղտուկ ու մտահոգիչ կը գտնեն, ապա թող գան հայրենիք ու իրենց ամէնէն հարազատ այս երկրին մէջ հրաշալի օրեր վայելեն, ուտեն, խմեն, շրջին, հանդիպին, նաեւ օգնեն ու սրտակցին, բայց ի հեճուկս իշխանաւորներուն` երբեք ու երբեք չխորթանան այս հողէն:

«Ի՞նչ ընեմ,- կ՛անկեղծանայ ընկերս,- եթէ չեմ կրնար համոզել, չեմ կրնար երաշխաւորել (կարծես իշխանութեան պաշտօնը ինք պէտք է իր վրայ վերցնէ), որ գան այստեղ ու գործ դնեն, ապա գոնէ թող գան ու այստեղ ծախսեն իրենց արձակուրդի դրամները: Անճար մարդու խորհուրդ թող հաշուեն ասիկա, որքա՛ն ալ այս խորհուրդը անկախութեան առաջին տարիներու յորդորներուն նմանի ու այսօրուան պատգամներուն անհամապատասխան նկատուի»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES