Նախագահ Սլէյման Մեկնեցաւ Քուէյթ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք մեկնեցաւ Քուէյթ` մասնակցելու համար Արաբական վեհաժողովին, որուն շրջագիծին մէջ ան Լիբանանի պաշտօնական խօսքը կ՛արտասանէ այսօր:

Վեհաժողովին առումով, նախագահ Սլէյման արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլէն պահանջեց անդրադառնալ նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ արձանագրուած ոտնձգութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց դէմ դիւանագիտական դասաւորումներ ապահովել:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնները եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ Լիբանանի հիւպատոս Քամիլ Ֆընիանոս, որ նախագահ Սլէյմանը տեղեակ պահեց այդ շրջաններուն մէջ ապրող լիբանանցիներուն իրավիճակին մասին:

Share this Article
CATEGORIES