Սալամ. «Երկրին Կացութիւնը Պիտի Բարելաւուի Նախագահական Ընտրութեան Կայացումէն Ետք»

Սալամ` վարչապետարանի պաշտօնէութեան եւ լրագրողներուն առջեւ ելոյթի պահուն
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց վարչապետարանի պաշտօնէութիւնը եւ լրագրողները, որոնց ներկայութեան յայտնեց, որ իր ստանձնած պարտականութիւնը երկարատեւ չէ` աւելցնելով, որ իր նախագահած կառավարութեան կատարելիք գլխաւոր աշխատանքը նախագահական ընտրութիւնն է, որ եթէ իրագործուի, ապա Լիբանանի համար զարթօնք մը պիտի ըլլայ:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ իր պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը պետական հաստատութիւններու ժամանակաշրջան է` աւելցնելով, որ ինք յանձնառու է պետական հաստատութիւններուն գործունէութեան հսկելու:
«Երկրին կացութիւնը պիտի բարելաւուի նախագահական ընտրութեան կայացումէն ետք», ըսաւ վարչապետ Սալամ` աւելցնելով, որ նման նուաճումի մը իրագործումը Լիբանանի պատմութեան մէջ նոր էջ մը կը բանայ եւ բոլոր քաղաքացիներուն մտահոգութիւնները կը փարատէ:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ պետութեան հիմնական մտահոգութիւնը երկրին ապահովական իրավիճակն է` նկատել տալով, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին տրուած որոշումներուն հիման վրայ կը մշակուի ապահովական ծրագիր մը:
Միւս կողմէ, Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանին մէջ պայմանագրութեամբ գործող դասախօսներուն մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Համիտ Հաքամի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանեան համալսարանին դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ներկաները վարչապետին յանձնեցին իրենց պահանջները բովանդակող նամակ մը:
Վարչապետ Սալամի այցելեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որ յայտնեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը կը գնահատէ Լիբանանի մէջ ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու ջանքերը` նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միակ միջոցն է` դէմ դնելու Լիբանանի սպառնացող մարտահրաւէրներուն:
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանի կատարուած օժանդակութեան` Էխհորեսթ յայտնեց, որ Լիբանանին կատարած իրենց օժանդակութիւնը աննախընթաց է` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշած է Լիբանանին 27 միլիոն եւրոյի յաւելեալ յատկացում մը կատարել` սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւններուն շրջագիծին մէջ:
Էխհորեսթ շնորհաւորեց վարչապետ Սալամը` անոր կառավարութեան նկատմամբ խորհրդարանին շնորհած վստահութեան քուէին առիթով, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն ի գործ դրած ջանքերը` ի խնդիր երկրին ապահովական անվտանգութեան պահպանումին:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Դրամատուներու արաբ սեփականատէրերու միջազգային համադաշնակցութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը:

