Պըրրի Կը Խոստանայ Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Յաջող Լիագումար Նիստ Մը Գումարել

Խազեն, Մազլում եպիսկոպոս եւ Պըրրի

Խազեն, Մազլում եպիսկոպոս եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ 25 մարտէն ետք ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի յաջող լիագումար նիստ մը գումարելու եւ նախագահի ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարելու առումով:

Ան նշեց, որ այս նպատակով ինք կազմած է Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ պիտի այցելէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ անոնց հետ` խորհրդարանի լիագումար նիստը կայացնելու առումով:

Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն երեսփոխաններ Ալի Օսէյրան, Միշել Մուսա եւ Եասին Ժապեր:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը, որուն ընկերակցեցաւ նախկին նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազեն:

Հանդիպումին ընթացքին Մազլում եպիսկոպոս Պըրրիին յանձնեց Ազգային փաստաթուղթը, որ հրապարակուած էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին` նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անոր ջանքերուն համար:

Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ եւ նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ:

Նշենք, որ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, ազգային պաշտպանութեան, ներքին հարցերու եւ քաղաքապետութեանց, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման ու մշակոյթի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 27 մարտ 2014-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES