Զօր. Քահուաժի. «Բանակը Անվարան Եւ Անխտիր Պիտի Պաշտպանէ Թրիփոլիի Բոլոր Բնակիչները»

jean-kahwaji2-saidaonlineԼիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներուն դէմ բաց պատերազմ յայտարարուած է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ բոլոր լիբանանցիներուն:

«Ահաբեկչական խմբաւորումներուն ոչ մէկ դիւրութիւն պիտի տրուի», ըսաւ ան:

Ան հաստատեց, որ բանակին եւ ապահովական այլ ուժերուն դէմ որեւէ յարձակում կը նշանակէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը թիրախ դարձնել, «հետեւաբար բանակը ձեռնածալ պիտի չմնայ», նշեց ան:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ բանակը պէտք է կազմ ու պատրաստ մնայ երկրին հսկելու առումով` աւելցնելով, որ բանակին համար առաջնահերթութիւն է երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդումը:

Այս ծիրին մէջ ան կարեւոր նկատեց բանակին կատարուած Սէուտական Արաբիոյ նիւթական օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք բանակի օժանդակութեան վեհաժողովն ու Արաբական վեհաժողովէն բխելիք բանաձեւերը:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ բանակը անվարան եւ անխտիր պիտի պաշտպանէ Թրիփոլիի բոլոր բնակիչները, «սակայն այդ լուծումը արիւն թափելով պիտի չըլլայ, այլ` մշակելով զինուորական-ապահովական ամբողջական ծրագիր մը, որ բարգաւաճման բնոյթ ունի եւ որ կը ծառայէ փակելու համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ հրահրող բոլոր բերանները», եզրափակեց ան:

Share this Article
CATEGORIES