Պասիլ Զգուշացուց Սուրիացի Գաղթականները Երկար Տեւողութեամբ Լիբանանի Մէջ Պահելու Ծրագիրէ Մը

basil_kuwait.-2403Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ Քուէյթի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան մտադիր է իր մօտ ապաստանած սուրիացի գաղթականները լիբանանեան հողերէն դուրս վայրերու մէջ համախմբել` զգուշացնելով այդ գաղթականները երկար տեւողութեամբ Լիբանանի մէջ պահելու ծրագիրէ մը:

«Կը զգուշացնենք նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներէ բաղկացած զինեալ խմբաւորումներ հաստատելու վտանգաւոր ծրագիրէն, որուն շրջագիծին մէջ Լիբանան հաստատուած այդ խմբաւորումները Սուրիոյ դէմ գործողութիւններ պիտի կատարեն», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ ահաբեկչական նման ծրագիրներու դէմ պայքարելու առումով արաբական աշխարհը Լիբանանին կրնայ օժանդակել անոր բանակը զինելով եւ հզօրացնելով:

Միւս կողմէ, Պասիլ Քուէյթի մէջ իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցաւ Լիպիոյ եւ Օմանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Քննարկուեցան անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ հարցով միջազգային եւ արաբական ընտանիքներու յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ: Քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապն ու Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքները:

Նշենք, որ կիրակի, 23 մարտի երեկոյեան Քուէյթի լիբանանեան դեսպանատան կողմէ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն մը` ի պատիւ Պասիլի եւ Քուէյթի լիբանանեան գաղութին:

Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան, որուն ընկերակցեցաւ Քուէյթի համայնքէն պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին հայր սուրբը Պասիլին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյնները եւ Արաբական լիկային աշխատանքներուն` վեհափառին բարեմաղթութիւնները:

Հայր սուրբը անդրադարձաւ նաեւ Քուէյթի հայ համայնքին իրավիճակին եւ երկրին մէջ զանազան մարզերու մէջ անոր բերած նպաստին:

 

Share this Article
CATEGORIES