Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաալպեքի եւ Տէյր Ահմարի մարոնի համայնքի առաջնորդ Սըմաան Աթալլա եպիսկոպոսին հետ եւ խստիւ դատապարտեց զայն առեւանգելու փորձը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Իքլիմ Թուֆահի, Մերժահիունի, Նապաթիէի եւ Խիամի վերեւ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ կատարեց` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը իր գումարած նիստին ընթացքին կոչ ուղղեց չանտեսելու 60 օրուան ժամկէտը, չսպասելու վերջին քառորդ ժամուն եւ ապա հրաւիրելու նախագահական ընտրութեան նիստի մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ռուսական դեսպանատան զինուորական կցորդ հազարապետ-զօրավար Ռաֆայել Քորմաչովի հետ: Քննարկուեցան երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք կը հաստատէ, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի նկատմամբ իրենց վստահութիւնը մեծ է` աւելցնելով, որ զօր. Քահուաժիի հասցէին արտասանուած խօսքերը կը ներկայացնեն միայն այդ խօսքերու հեղինակին կեցուածքները:
ԺԱՊՀԱԹ Նուսրա յայտնեց, որ Հալէպի մէջ սպաննուած է լիբանանցի մը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ կոչ ուղղեց Լիբանանը ամրապնդելու Ասատի վարչակարգին մղած յարձակումներէն:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ հոսանքի ղեկավար Շաքեր Պըրժաուի յայտնեց, որ Թարիք Ժտիտէի մէջ ծայրայեղականները հովանաւորող կողմը Մուսթաքպալ հոսանքն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ ապօրինի որեւէ զէնք համազօր է լարուած ռումբի մը, որ որեւէ ատեն պատրաստ է պայթեցնելու ամբողջ երկիրը:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ գտնուող ապօրինի զէնքին արմատական լուծում մը գտնելու:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ կարելի չէ Թրիփոլին պատանդ դարձնել քանդումի նպատակով գործադրուող բռնարարքներուն:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է դիմադրել ահաբեկչութեան, որ սկսած է թիրախ դարձնել ամբողջ Լիբանանը:

