Ջաւախքը Կը Սպասէ Մեր Բոլորը

ՍՕՍԷ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

javakhk5.-2503Աշխարհի շուրջ կան շատ հայեր, որոնք անծանօթ են Ջաւախքին: Հայութեան եւ Հայաստանի ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ արդեօ՞ք պէտք է մտահոգուինք նաեւ քսանամեայ ջաւախքցի երիտասարդով, որուն կեանքը ակամայ հողագործութեան կապուած է, կամ շրջանի երեխաներու մասին, որոնք երեկոյեան ժամերուն ո՛չ թէ կը պատրաստուին քնանալու կամ` հեռատեսիլին դիմաց նստելու, այլ պարտին անասունները ուղղել դէպի ախոռ:

javakhk9.-2503Երկու տարի առաջ, երիտասարդական միութեան անդամ խումբ մը  ընկերներով որոշեցինք ճամբորդել դէպի Ջաւախք եւ մեր աչքերով տեսնել ու ծանօթանալ մեր հայրենիքի այդ հատուածին ու ջաւախքցիին` իր առօրեայով: Նոյնպէս ալ ուզեցինք ուսումնասիրել, թէ ինչո՞ւ այս տարածքին վրայ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը:

javakhk3.-2503Մեր այցելութիւնը ինքնանպատակ չդարձնելու համար մեկնարկեցինք «Ջաւախք Ճամբար» ծրագիրը, որ կը պարփակէր տեղի երեխաներուն համար մանկապատանեկան երկու ցերեկային ճամբարներ, մէկը` Ախալքալաքի մէջ, երկրորդը` Ախալցխայի: 2012-ի ամրան համար նախատեսուած ծրագիրը արժանացաւ ո՛չ միայն մեր ընկերներու հաւանութեան, այլ նաեւ ընդհանրապէս մեր գաղութի նեցուկին եւ յաջողեցանք Միացեալ Նահանգներէն ու Քանատայէն երիտասարդներու խումբով մը գլուխ հանել ճամբարի ծրագիրը` տաս օր անցընելով Ջաւախքի պատանիներուն հետ. ճամբարի մեր ծրագրին մաս կը կազմէին խմբային խաղեր, երգ ու պար, առողջապահական, ազգային ու մարդկային նիւթերու մասին դասախօսութիւններ, պտոյտներ ու ճամբարի աւարտին` ծնողներու համար կազմակերպուած հանդէս մը: Ծրագրի յաջողութիւնը այնպիսին էր, որ զայն կրկնեցինք 2013-ի ամրան եւս` շնորհիւ մեր հայրենակիցներու եւ միութիւններու նեցուկին. երկրորդ տարին մեզի միացան Հայաստանէն եւս երիտասարդներ, իսկ Ջաւախքի մէջ ճամբարին մասնակցող պատանիներուն թիւը բարձրացաւ 175-ի:

2012 յուլիսին, երբ Ջաւախք հասանք, մեր առաջին նկատողութիւնը տեղացիներու հակազդեցութիւնն էր մեր ներկայութեան: Շատ կը պատահէր, որ երբ խումբով կը քալէինք դէպի շուկայ, դէպի պանդոկ կամ պարզապէս երբ փողոցներուն մէջ կը պտտէինք, կը լսէինք տեղացիներուն փսփսուքը, թէ` «ասոնք են ամերիկացիները, ճամբարի խմբապետները»: 2013-ի ամառը այս նայուածքները դարձան ժպիտներու եւ խօսակցութիւններու: Ընդհանրապէս առաջին հարցումը կ՛ըլլար, թէ հայերէն գիտէի՞նք. մեր դրական պատասխանը զարմանալի ուրախութիւն կը պատճառէր ու տարբեր նիւթերու մասին խօսակցութենէ ետք անխուսափելի հարցումին կը հասնէինք` «ամուսնացա՞ծ ենք…» Եւ ամէն մէկ ջաւախքահայու հետ մեր խօսակցութեան մէջ կը զգայինք իրենց գոհունակութիւնը ի տես այն իրողութեան, որ սփիւռքահայեր ներկայ են իրենց հողին վրայ ու մանաւանդ` ո՛չ որպէս զբօսաշրջիկ, այլ իրենց «հացը կը կիսեն» ու կը փորձեն երեխաներուն հետ կամուրջ մը ստեղծել: Մոռցուած չըլլալու գոհունակութիւն մը կը տեսնէինք իրենց աչքերուն մէջ, որ հաւանաբար կաթիլ մը կ՛աւելցնէր դաժան ձմեռ մը եւս հողին վրայ անցընելու իրենց կամեցողութեան վրայ:

javakhk2.-2503Թէեւ Ախալքալաքի, Ախալցխայի եւ մօտակայ գիւղերու «ճամբայ»-ները պտտիլը մեր օրուան ամէնէն հաճելի բաժիններն էին, սակայն նաեւ` ամէնէն մտահոգիչները, որովհետեւ պարբերաբար կը հանդիպէինք թուրքերու կամ կը լսէինք թրքերէն խօսակցութիւն: Վրաստան եւ Թուրքիա միասնաբար ծրագիրներ կը մշակեն, որոնց գործադրութեան համար թուրքեր կը հաստատուին Ջաւախքի տարբեր շրջաններու մէջ: Այլ մտահոգիչ պարագայ մը պատահեցաւ, երբ հանդիպեցանք Թիֆլիսի համալսարանէն խումբ մը վրացի երիտասարդներու, որոնք մեզի յայտարարեցին, թէ` «հայերը չեն սիրեր»: Աւելի ուշ իմացանք, որ այսօրինակ արտայայտութիւններ յաճախ կը լսուին յատկապէս Ախալցխայի մէջ: Ամերիկայէն եկած մեր նման երիտասարդներու համար ազգային ատելութեան այս արտայայտութիւնը, մանաւանդ` համալսարանական երիտասարդներու բերնէն, առնուազն մտահոգիչ էր ու անհասկնալի: Իսկ հարցումը, որ մեր մտքին մէջ կը պտտէր, թէ ինչպէ՞ս կրնայ այսօրինակ մօտեցում ըլլալ մեր ժողովուրդին հանդէպ` 21-րդ դարուն, իսկ մեր ժողովուրդը կը մնայ անտեղեակ ու լուռ:

Ջաւախքի կեանքի պայմանները դժուար են: Տեղի հայութեան մեծամասնութիւնը կը զբաղի հողագործութեամբ` դիմագրաւելով տեւաբար բարդացող խնդիրներ, ինչպէս` տղամարդոց թիւի նուազումը: Աշխատանք գտնելու համար Ջաւախքի երիտասարդ այր մարդոց մեծամասնութիւնը գիւղէն կը հեռանայ առնուազն տարին քանի մը ամսուան համար: Վրացիները ստանձնած են շրջանին մէջ գործող պետական կառոյցներու, սակաւաթիւ գործարաններու կամ պետական ծրագիրներու ղեկավարութիւնը ու աշխատանքի նախապատուութիւնը կու տան վրացիներու, նոյնիսկ թուրքերու` հայերէն առաջ: Ջաւախքի մէջ երիտասարդները հնարաւորութիւն չունին նաեւ իրենց ուսումը շարունակելու, հետեւաբար նոյնիսկ ուսման ծարաւ ջաւախքցի հայ երիտասարդը պարտաւոր է մեկնիլ շրջանէն դէպի Հայաստան, Թիֆլիս կամ այլ երկիր: Այս կը նշանակէ, որ գիւղի կամ գիւղական պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքի առօրեայ կարիքներու հոգացման բեռի ծանրութիւնը կ՛իյնայ կիներու եւ պատանիներու ուսերուն: Այս իրականութեան ականատես եղանք, երբ այցելեցինք մեր ճամբարին մասնակից քանի մը երեխաներու տուները: 11-ամեայ տղեկը ստանձնած էր տան հօր «դեր»-ը եւ մեզի բացատրութիւններ կու տար իրենց մշակած արտերուն եւ պահած անասուններուն մասին, կը հետեւէր, որ անպայման ուտենք իր մօր պատրաստած քաղցրեղէնները եւ կը հսկէր, որ մեր բաժակները դատարկ չմնան: Տան «տղամարդ»-ն էր:

javakhk1.-2503Նոյն օրը, որ ճամբարի խմբապետներու հանգիստի օրն էր, ինքնաշարժներով ուղղուեցանք դէպի Զատիկ կոչուած բլուրը: Այստեղ, ձորի բերնին մեր դիմաց բացուեցաւ անվերջ լեռնաշղթաներու շարան մը. մեր ետին կանգնած էր հոգածութեան կարիք ունեցող եկեղեցին, իսկ ձորի խորքէն կը լսուէր աղբիւրի կլկլոցը: Հայրենի Ջաւախքի այդ անկիւնի գեղեցկութիւնն ու խաղաղութիւնը արցունքով լեցուց մեր բոլորին աչքերը: Մեզի ընկերակցող ջաւախքցի երիտասարդին ձայնը լսեցի ետեւս. չհասկնալով ըսածը` դարձայ ետեւ ու նայեցայ անոր աչքերուն եւ յիշեցի Արշիլ Կորքիի խօսքը. «Հայու աչքերը կը խօսին շրթունքներու շարժումներէն առաջ ու շատ աւելի վերջ»: Սկսայ աղօթել Աստուծոյ, որ ուժ ու կորով տայ ամէն մէկ ջաւախքահայու, որ կարողանան գոյատեւել ու շարունակել տէր կանգնիլ հայապատկան այս դրախտին:

Զատիկի շքեղ տեսարանէն ետք այցելեցինք Ջաւախքի հնագոյն եկեղեցին: 10-րդ դարուն կառուցուած Ս. Համբարձման եկեղեցին, որ գմբէթ չունէր, անոր պատերուն բոլոր հայկական փորագրութիւնները քերթուած էին, սակայն կը շարունակէր ծառայել որպէս հայկական եկեղեցի:

javakhk4.-2503Ճամբան շարունակեցինք դէպի Կիւմպիւրտա գիւղը` ջաւախքցիի կեանքի մէկ այլ պատառիկին ծանօթանալու յոյսով: Գիւղը ճամբաներ չունի, այլ` քարքարոտ ու ցեխոտ կածաններ, ուր երեխաները կը վազվզէին: Այստեղ երեխաներու միակ զուարճութիւնը շրջակայ լեռները մագլցիլն է, իսկ մտածելակերպը` խիստ աւանդապահ: Այցելեցինք շրջանի հնագոյն Օդան ու քալեցինք շրջակայ բլուրներուն ուղղութեամբ: Խումբ մը 6-10 տարեկան աղջնակներ սկսան մեզի հետ պտտիլ, սակայն շուտով հանդիմանութիւն ստացան իրարու կողքին կանգնած մեծ հայրիկներէն, որովհետեւ կը խօսէին «օտար տղոց հետ»:

Գիւղի բոլոր տուները իրարու նման են: Ախոռ մը, «օտա» մը, տունէն անջատ կառուցուած խոհանոց, քիչ մը աւելի հեռու` բաղնիք, իսկ այս բոլորին ետեւը մեծամասնութեամբ գետնախնձորով ցանուած հողատարածք: Տուներուն վերեւ հեռատեսիլի ալեհաւաքներ չկան, ոչ ալ համացանցը հասանելի է այստեղ: 13 տարեկանէն վեր բոլոր տղամարդոց ժամանցի միջոցը տոմինոն է, որ դուրսը կը խաղան մինչեւ մութը իյնալը:

Այդ օրը այցելեցինք քանի մը գիւղ եւս, որոնց շարքին` Գանձան, որ կը գտնուի Փարուանայ լիճի ափին, եւ ուր կը գտնուի Վահան Տէրեանի տուն-թանգարանը: Ամէն տեղ ականատես եղանք նոյն պատկերին. արհեստագիտութեան բացակայութիւն, փոքր դպրոցներ, երիտասարդներու համար ժամանցի ու աշխատանքի առիթներու ամբողջական բացակայութիւն:

javakhk7-2503Որքա՛ն ծանօթացանք Ջաւախքին, այնքան աւելին տեսնելու ծարաւը սկսաւ մեծնալ: Օր մը, ճամբարի աշխատանքէն ետք որոշեցինք բարձրանալ մեր պանդոկին դիմացի բլուրը: Այստեղ մէկ այլ սքանչելի տեսարան բացուեցաւ մեր դիմաց. Ախալքալաքը` շրջապատուած լեռներով ու բլուրներով, որոնց վերեւ կը հսկէր Գուգարաց աշխարհի Մասիսը` Ապուլ սարը, որ հպարտօրէն կը հսկէր Ախալքալաքին:

Ակամայ մեր խօսակցութիւնը դարձաւ դէպի մեր իրականութեան ու այն հսկայական ճիգին, որ կը թափենք օտար պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հայցելու, մինչ այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանակից Ջաւախքի մէջ մեր ոտքերուն տակ հողը կը կորսուի: Տարին քանի մը օր մենք կամ մեր նման քանի մը խմբակներ կու գանք, կ՛այցելենք պապենական մեր հողերու չքնաղ այս տարածքը, կը հեռանանք այստեղէն ջաւախքցին խրատելով, որ չհեռանայ այստեղէն, կառչած մնայ այս հողին, առանց ըմբռնելու, որ ձմրան ի՛նչ կը կատարուի այստեղ, գիւղէ գիւղ տեղաշարժը որքա՛ն դժուար կը դառնայ, բժիշկներու թիւը որքան փոքր է, ատամնաբուժն ու ակնաբուժը շռայլութիւն են, աշխատանքը` հեռաւոր հաճոյք, երիտասարդութեան համար ապագայի հեռանկար անտեսանելի: Կ՛աճին միայն պապենական հողը ձգել ու հեռանալու ուղղակի եւ անուղղակի ճնշումները:

javakhk8.-2503«Ջաւախք Ճամբար»-ը համեստ նախաձեռնութիւն մըն է, որուն ետին կը կանգնի երիտասարդներու խմբակ մը: Այս նախաձեռնութիւնը առիթ տուաւ մեզի ուղղակիօրէն առնչուելու Ջաւախքին հետ: Յաջողեցանք գէթ ճամբարներու տեւողութեան ժպիտ բերել ջաւախքահայ երեխաներու դէմքերուն: Վստահ ենք, որ մեր այս ծրագիրը փոփոխութիւն մտցուց իրենց կեանքին մէջ, որովհետեւ «Ջաւախք Ճամբար»-ը փոփոխութիւն մտցուց մե՛ր կեանքին մէջ ու Ջաւախքը դարձուց մեր առօրեայի անբաժանելի մէկ մասը: Այսօր արդէն մեր միութիւններուն ու հայրենակիցներուն հետ կը քննարկենք զայն ընդլայնելու կարելիութիւններն ու ճամբարի խմբապետներուն փոխարինումը` աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու առիթ տալու, որ ապրին այն նոյն փորձառութիւնները, որ մե՛նք ապրեցանք, եւ Ջաւախքը դառնայ աւելի՛ մեծ թիւով երիտասարդներու առօրեային մէկ մասնիկը:

Ջաւախքի մէջ բազմատասնեակ ծրագիրներու կարելիութիւններ կան, որոնց կրնայ նախաձեռնել հայ երիտասարդութիւնը: Մեր նախաձեռնութեան յաջողութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է, որ յանձնառու երիտասարդութիւնը, սփիւռքահայ թէ հայրենի կաղապարումներէն դուրս կրնայ գալ ու թռիչք առնել դէպի հայրենի այն տարածքը, որ ամէնէն աւելի կարիքն ունի այսօր ամբողջ հայութեան նիւթական ու բարոյական նեցուկին: Կը մնայ մեր դիմաց նշացողը բարձրացնել, որպէսզի արդարացնենք Գարեգին Նժդեհի երիտասարդութեան ուղղուած պատգամը. «Երիտասարդութի՛ւն, աշխարհի անգերազանցելի գեղեցկութիւնն ես դու, երբ բարձրանպատակ ես»:

Ջաւախքը կը սպասէ մեր բոլորին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES