Ռէալ Մատրիտ Հետաքրքրուած` Լիվըրփուլի Յետսապահով
Ինչպէս կը հաղորդէ անգլիական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը, Ռէալ Մատրիտ, որ կը փորձէ իր պաշտպանողական գիծը զօրացնել, մօտէն հետաքրքրուած է Լիվըրփուլի յետսապահ Կլեն Ճոնսընով:
ArmSport.am կը շարունակէ նշելով, որ այս գծով արքայական ակումբը պաշտօնական առաջարկ մը կը պատրաստուի ներկայացնել Լիվըրփուլի:
Մինչ այս լուրը շրջան կ՛ընէ անգլիական մամուլին մօտ, անդին կ՛ըսուի, որ Լիվըրփուլի պատասխանատուները կը մտադրեն երկարաձգել իրենց մարզիկին պայմանագրութիւնը:
Նշենք, որ Ճոնսընով հետաքրքրուած է նաեւ Արսենալ:
CATEGORIES Մարզական

