Ռամոս. «Յոյսով Եմ, Որ Մալենքօ Այսուհետեւ Ռէալ Մատրիտի Մրցումները Չի Սուլեր»
Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, որ նախանցեալ օր Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ին կարմիր քարտ մը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ, յայտնապէս դժգոհ մնացած է օրուան կեդրոնի իրաւարարէն` Ունտիանօ Մալենքոյէն:
«Ինչպէս միշտ` ամէն ինչ նոյնն է: Ես չդպայ Նէյմարին: Բայց հիմա այդ մասին խօսիլը անիմաստ է, որովհետեւ կատարուածէն ոչինչ կարելի է փոխել: Բոլորը տեսան կատարուածը: Կը յուսամ, որ մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը Մալենքօ այսուհետեւ մեր մրցումները չի սուլեր», ըստ ArmSport.am-ի, նշած է Ռամոս:
Նշենք, որ Ռամոսի կարմիր քարտ ստանալը 19-րդն էր անոր համար` Ռէալ Մատրիտի մէջ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:
CATEGORIES Մարզական

