Տել Փոթրօ Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան

del-potro.-2403«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի նախկին արժանթինցի ախոյեան Խուան Մարթին տել Փոթրօ, որ ենթարկուեցաւ ձախ դաստակի վիրաբուժութեան, շատ հաւանաբար մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը չկարենայ վերադառնալ թենիսի դաշտերը:

25 տարեկան արժանթինցին, որ տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը, թէեւ տարին սկսաւ տիրանալով Սիտնիի թենիսի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին («Էյ. Թի. Փի.»-ի իր 18-րդ տիտղոսը), սակայն անկէ ետք ընդհանրապէս վիրաւոր ըլլալով բացակայեցաւ շարք մը մրցաշարքերէ:

Share this Article
CATEGORIES