«Էն. Պի. Էյ.». Ցարդ Միայն Փէյսըրզ, Հիթ Եւ Սփըրզ Ապահոված Են Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումներուն, Պրուքլին Նեթց – Տալաս Մավըրիքս ճակատումը երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ ի նպաստ առաջինին` 107-104 արդիւնքով:
Նշենք, որ ցարդ միայն երեք խումբեր` Ինտիանա Փէյսըրզ, Մայեմի Հիթ եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ ապահոված են փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Աթլանթա Հոքս 96-86
Ֆէոնիքս Սանզ – Մինեսոթա Վուլվզ 127-120
Տենվըր Նակեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 105-102
Սաքրամենթօ Քինկզ – Միլուոքի Պաքս 124-107
Պրուքլին Նեթց – Տալաս Մավըրիքս 107-104
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Նիւ Եորք Նիքս 106-100
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 103-94
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց
Աթլանթա Հոքս – Ֆէոնիքս Սանզ
Մայեմի Հիթ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Շիքակօ Պուլզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Նիւ Օրլինզ – Պրուքլին Նեթց
Օքլահոմա Սիթի – Տենվըր Նակեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Եութա Ճեզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Միլուոքի Պաքս

