Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ամալ Պիքֆայա, Սանթրալ Եւ Անուար` Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող Ամալ Պիքֆայա 85-64 արդիւնքով յաղթեց Լիբանանեան բանակին` Շանվիլի դաշտին վրայ:

Նոյն խմբակին մաս կազմող Սանթրալ Ղազիրի դաշտին վրայ 83-58 արդիւնքով յաղթեց Ղազիրի: Ինչ կը վերաբերի Բ. խմբակին մաս կազմող Անուարի, անիկա իր յաղթանակը արձանագրեց Զահլէի մէջ, ուր 64-61 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Անիպալը:

 

Share this Article
CATEGORIES