Ժիրինովսքի Լեհաստանին, Հունգարիոյ Եւ Ռումանիոյ Առաջարկած Է Մասնատել Ուքրանիան

Վլատիմիր Ժիրինովսքի
«Տէօչը Վելէ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի Լեհաստանին առաջարկած է իր տարածքին հինգ ուքրանական շրջաններու միացման մասին հանրաքուէներ կատարել: Նման ուղերձներ ստացած են նաեւ Հունգարիան ու Ռումանիան:
Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ Տումայէն ստացած է պաշտօնական նամակ մը, որուն մէջ կ՛առաջարկուի մասնատել Ուքրանիոյ տարածքը, հաղորդած է լեհական «Թի.Փի.Վի.1» պատկերասփիւռի կայանը:
Ժիրինովսքիի կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթը Վարշաւայի կառավարութեան կ՛առաջարկէ ուքրանական հինգ շրջաններու` Վոլինի, Լվովի, Իվանօ-Ֆրանսքովսքի, Թեռնոփոլի եւ Ռովնոյի մէջ Լեհաստանին միանալու մասին հանրաքուէներ կատարել: Զաքարփաթիէի եւ Ձեռնվոյիցքի շրջաններուն հետ կապուած նմանատիպ ուղերձներ ստացած են նաեւ Հունգարիան եւ Ռումանիան, կը հաղորդէ Gazeta.pl կայքը:
Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Վլատիմիր Ժիրինովսքիի առաջարկները նկատած են «այն աստիճան տարօրինակ, որ ոչ մէկը անոնց նկատմամբ լուրջ վերաբերմունք ցուցաբերած է», յայտնած է նախարարութեան բանբեր Մարցին Վոյցեխովսքի:
Լեհաստանի նախագահի խորհրդական Թոմաշ Նալենչ խստօրէն քննադատած է Վլատիմիր Ժիրինովսքիի նախաձեռնութիւնը` յայտնելով, որ Ժիրինովսքիի նամակը «պէտք էր հոգեբուժի փոխանցել»:

