Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Այս Անգամ Յաղթեց Սաժեսի (68-63)` Ղազիրի Մէջ

Սաժես - ՀՄԸՄ մրցումէն PROFOTO

Սաժես – ՀՄԸՄ մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Սաժես իր դաշտին` Ղազիրի մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը:

ՀՄԸՄ-ի կազմը իր 5-րդ յաջորդական զոհը այս անգամ դարձուց Սաժեսը` արձանագրելով 68-63 արդիւնքով յաղթանակ մը (20-11, 36-28, 50-42 եւ 63-68):

Ինչպէս նկատելի է, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել վերջին քորթըրին, երբ նշանակեց 26 կէտ, մինչ Սաժես` 13:

Տիոն Տիքսըն, որ դաշտ ներկայացաւ ամբողջ 40 վայրկեան, եղաւ մրցումին աստղը` նշանակելով 30 կէտ եւ 9 ռիպաունտ: Ապա յաջորդաբար մնացեալ կէտերը նշանակեցին Թերենս Լիթըր (16 կէտ, 11 ռիպաունտ, 28′ 44) եւ Ճօ Վոկըլ (12 կէտ, 8 ռիպաունտ 34′ 34″):

ՀՄԸՄ-ի մնացեալ մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ ձեւով. Հայկ Խաչերեան (3′ 32″), Սեւակ Քեթենճեան (4′ 33″), Ռալֆ Աքըլ (35′ 26″), Հայկ Կէօքճեան (33′ 32″), Ռուտի Ֆարրաժ (16′ 47″) եւ Մարք Քորճեան (2′ 49″):

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Թատամոն: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 29 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 17:00-ին:

Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցած Թատամոն – Ռիատի մրցումը աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով` 78-71 արդիւնքով:

 

Share this Article
CATEGORIES