ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. «Քիծ-Աթլեթիքս»-ի Մրցումները Տեղի Ունեցան Մեծ Խանդավառութեամբ

kids-athletics-photo.-2403ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպեց եւ իրականացուց «Քիծ աթլեթիքս»-ի խաղերը` իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով: Մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 23 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ` ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ:

Մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մասնակցող վարժարաններէն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, իւրաքանչիւրը 12 աշակերտներով:  Աշակերտները խումբերու բաժնուելէ եւ գունաւոր տարազներ ստանալէ ետք, պատրաստուեցան ֆիզիքապէս ելոյթ ունենալու 7 խաղերով, որոնք կ՛ընթանային զուգահեռաբար:

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչը մրցումներուն ամբողջ տեւողութեան ներկայ էր եւ ցուցմունքներ կու տար մասնակցող աշակերտներուն: Ներկայ էին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Տաքեսեան եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան: Աշակերտները քաջալերելու եկած էին անոնց ծնողներն ու մարզիչները:

Ինչպէս նախորդ տարեշրջանին, մասնակցող բոլոր աշակերտները յաղթեցին իրենց մասնակցութեամբ: Այսպէս` խաղերու աւարտին մետալներ եւ վկայագիրներ ստացան բոլոր մասնակիցները:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ 
( www.levam.org )

 

Share this Article
CATEGORIES