Կռփամարտ. Վանես Մարտիրոսեան` Տիտղոսակիր
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Վանես Մարտիրոսեան հանդիսացած է տիտղոսակիր:
Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած իր այս ճակատումին, Մարտիրոսեան կէտերով յաղթեց մեքսիքացի իր մրցակիցին` Մարիօ Լոցանոյին, եւ տիրացաւ «WBO»-ի «Ինթըրքոնթինենթըլ» ախոյեանութեան տիտղոսին:
Նշենք, որ ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կը կատարէր իր 36-րդ ճակատումը:
CATEGORIES Մարզական

