Քեսապի Շրջանին Մէջ Բուռն Բախումները Կը Շարունակուին
Երէկ Քեսապի շրջանին մէջ բուռն բախումները շարունակուեցան: Թէեւ Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ Քեսապը առած է իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ, սակայն Սուրիական մարդկային իրաւանց հսկողութեան կեդրոնը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են հայաշատ քաղաքի երեք քառորդը եւ հասած են Քեսապի հրապարակը: «Նաշրա» կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը Լաթաքիայէն յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Քեսապ` զինեալներուն յառաջխաղացքը կասեցնելու համար: Ներկայ դրութեամբ զինեալները տիրած են Թուրքիոյ հետ Քեսապի սահմանային անցքին:
Մարդկային իրաւանց սուրիական հսկողութեան կեդրոնը հաղորդեց, որ սպաննուած է Ազգային պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար Հիլալ Ասատ, որ ըստ կեդրոնին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ազգականական կապ ունի, սակայն անոր հօրեղբօրորդին չէ, ինչպէս նախապէս հաղորդուած էր:
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» լրատու կայքը, կը հաղորդէ, որ Իրան անհանգստութիւն յայտնած է սուրիական ռմբաձիգին Թուրքիոյ կողմէ վար առնուելուն պատճառով երկու երկիրներուն միջեւ ծագած լարուածութեան առնչութեամբ:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտուլլահեան երկու երկիրներուն կոչ ուղղած է «սառնասիրտ» ըլլալու: «Զինուորական մօտեցումները ոչ միայն չեն կրնար օգնել լուծելու սուրիական խնդիրը, այլ նաեւ` աւելի պիտի բարդացնեն կացութիւնը», ըսած է ան:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական օդանաւը վար առնելը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ընտրական յաւելեալ կէտեր կ՛ապահովէ` մեղմացնելու համար անոր ժողովրդականութեան անկումը, սակայն նոյն ատեն անոր մեծ պարտութիւն պիտի պատճառէ:
«Մայատին» հաղորդեց, որ երէկ Սուրիա – Թուրքիա սահմանին վրայ տեղի ունեցած է մեծ պայթում մը, որուն պատճառը կը կարծուի ըլլալ ականուած ինքնաշարժ մը, որ կը պատրաստուէր մուտք գործել սուրիական հողամասեր:
Օժանդակութիւն` Լաթաքիա
Ապաստանած Քեսապահայութեան
Ինչպէս յայտնի է, ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ին Քեսապի վրայ եղած յարձակումին պատճառով քեսապցիք ապաստան գտան Լաթաքիա. անոնցմէ ոմանք տեղաւորուեցան իրենց հարազատներուն մօտ, իսկ ուրիշներ` Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահներուն մէջ, ուր ամէն տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ անոնց նկատմամբ:
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Ծովափի հայութեան (Լաթաքիա-Քեսապ) շտապ օգնութեան գործադիր մարմինը, Սուրիական կարմիր մահիկը, պետական կառոյցները, հայկական միութիւնները եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայերուն օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք, անկողին, ծածկոցներ եւ ամէն տեսակի կենսական նիւթեր:

