Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Մանկավարժական Մշակման Օր` Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներու Եւ Տնօրէններու Մասնակցութեամբ
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երկուշաբթի, 24 մարտ 2014-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մանկավարժական մշակման օր, մասնակցութեամբ` Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ տնօրէններուն:
Ուսումնական խորհուրդին անունով դոկտ. Յակոբ Եագուպեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ յաջորդաբար 2-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուած է Մանկավարժական մշակման օրը, որ կը միտի փոխանակել փորձառութիւններ, լսել մասնագիտական տեսակէտներ եւ հաւաքաբար որոնել միջոցներ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր աշխատանքները առաւել եւս արդիւնաւէտ դարձնել: Իր խօսքը ուղղելով ներկայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն` դոկտ. Եագուպեան ըսաւ. «Եթէ կ՛ուզենք կրթական մեր համակարգը պատշաճեցնել վաղուան պահանջներուն, ապա կը հաւատանք, որ դուք պէտք է ըլլաք մղիչ ուժը, խթանը այդ բոլոր բարեփոխումներուն, որովհետեւ դուք էք, որ ամէնօրեայ շփման մէջ էք նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ եւ այդ իմաստով կրթական համակարգին մէջ ունիք ամէնէն տարրական դերակատարութիւնը: Ան նաեւ բացատրութիւններ տուաւ Մանկավարժական մշակման օրուան նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին եւ անդրադարձաւ անոր նպատակին, թէ սոյն նախաձեռնութիւնը կը միտի ստեղծել միջավայր մը, որպէսզի ուսուցիչներն ու տնօրէնները առիթը ունենան հաւաքաբար քննարկելու կրթական-մանկավարժական հարցեր եւ միասնաբար լուծումներ գտնելու անոնց:
Մանկավարժական մշակման օրուան յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Լենա Կարապետեան: Ան հաստատեց, որ ուսուցիչներուն կողմէ կատարուած նախորդ տարուան արժեւորումները փաստած են, որ իր տեսակին մէջ աննախընթաց եւ շինիչ այս ձեռնարկը արդէն իսկ արդարացուցած է յաջողութեան գրաւականը: Ան նաեւ բացատրութիւններ տուաւ յանձնախումբին տարած գործունէութեան մասին:
Մանկավարժական մշակման օրուան համար հրաւիրուած էին դասախօսներ Պէյրութի ամերիկեան, Հայկազեան եւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարաններէն:
Արդարեւ, մասնակիցները բաժնուեցան խմբակներու` իրենց դասաւանդած նիւթին համեմատ: Նիստերը ունէին 3 բնոյթ. դասախօսութիւններ, աշխատանքային սեմինարներ եւ կարծիքներու փոխանակման նիստեր: Նիւթերը ներկայացուցին դոկտ. Ռապիհ Մոհայար, դոկտ. Նետիմ Նասիֆ, դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, դոկտ. Հանին Հութ, Ռիթա Գասապեան, Մարիա Տեկիրմենճեան, Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան, Ապտօ Լապաքի, Մարիա Կիրակոսեան, Նաժլա Ատաս, Ռիթա Մըրհեժ, Հրանդ Շիրինեան, Լուսին Գազանճեան, Հռիփ Խաժի, Վերա Ստեփանեան, Հայկ Գազանճեան եւ Սեդա Զարմէնեան:

