Հաղորդագրութիւն
Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինը իր հերթական ժողովը գումարեց 19 մարտ 2014-ին, օրակարգի վրայ ունենալով Համազգայինի տրամադրութեան եւ տնօրինումին յանձնուած հիմնադրամներու 2013-ի գործառնութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատելու համար հիմնադրամներու եկամուտներէն կատարուելիք յատկացումները:
Մարմինը քննելէ ետք Համազգայինի հիմնադրամներու 2013 տարուան նիւթական գործառնութիւններու արդիւնքը եւ ներդրուած գումարներուն տարեփակի հաստատագիրները, վաւերացուց Համազգայինի հիմնադրամներու առ 31/12/2013 հաշուեկշիռը:
Մարմինը այսու մեր հանրութեան կը տեղեկացնէ, որ 2013 տարուան հիմնադրամներու եկամուտներէն կատարած է հետեւեալ յատկացումները` ըստ հաստատուած հիմնադրամներու կանոնագրութեամբ սահմանուած տրամադրութիւններուն:
1.- Մկրտիչ եւ Քնար Գրագաշեաններու անուան Արսլանեան Ճեմարանի յատուկ հիմնադրամէն 1800 ամ. տոլար` Ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
2.- Զոհրապ Պոսնոյեանի անուան Ճեմարանի եւ ճեմարանականներու համալսարանական կրթաթոշակի յատուկ հիմնադրամէն,
Ա.- 660 ամ. տոլար` Արսլանեան ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
Բ.- 3000 ամ. տոլար` համալսարանի առաջին տարուան երեք ճեմարանաւարտ ուսանողներու կրթաթոշակներու վճարման:
3.- Պաստրմաճեան, Մազմանեան եւ Համազգայինի հրատարակչական հիմնադրամներէն 5000 ամ. տոլար` Համազգայինի հրատարակչականին:
4.- Մկրտիչ եւ Ազնիւ Սարգիսեաններու անուան հայագիտական ուսմանց յատուկ հիմնադրամէն 3000 ամ. տոլար` յատկացում Հալէպի հայագիտական հիմնարկին:
Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատու ընտանիքներուն, որոնք իրենց հաստատած հիմնադրամներուն ճամբով սատար կը հանդիսանան Համազգայինի կրթական, հրատարակչական եւ մշակութային առաքելութեան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐՈՒ ԿԱՌՈՅՑԻ ՄԱՐՄԻՆ
20 մարտ 2014
Պէյրութ

