Ուորլիք. «Դրական Հանդիպումներ Ունեցած Ենք Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ»

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ քանի մը գրառում կատարած է:

Ամերիկացի համանախագահը գրած է. «Դրական հանդիպումներ ունեցած ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Միասին աշխատելով` մնայուն խաղաղութիւնը կարելի է»:

Մինչ այդ, ան գրած է, որ կը գտնուի Լա Հէյի մէջ եւ անհամբեր կը սպասէ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումներուն: «Մենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեւական խաղաղութիւն կ՛ուզենք», գրած էր ան:

Ուորլիք նաեւ այլ գրառում մը կատարած էր. «Զիս ուղղեցին այսօր` տագնապը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ է: Եւ այնուամենայնիւ, մենք խնդիրի խաղաղ լուծում կ՛ուզենք բոլոր կողմերուն համար»:

Tert.am կը գրէ, որ ըստ երեւոյթին, Ուորլիք անդրադարձած է նախապէս իր ըրած գրառումին, ուր գրած էր, որ անհրաժեշտ է փորձել հասկնալ, թէ ի՛նչ կարելի է սորվիլ Ուքրանիոյ իրադարձութիւններէն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին համար:

 

Share this Article
CATEGORIES