Ստեփանակերտի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց ՀՅԴ Մարմիններու Խորհրդաժողովին Մասնակիցները

Բակօ Սահակեան կը պարգեւատրէ Կարապետեանը

Բակօ Սահակեան կը պարգեւատրէ Կարապետեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 մարտին ընդունեց Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովի մասնակիցները:

Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Երկրին նախագահը կարեւոր նկատած է այսպիսի հանդիպումները եւ երախտագիտութիւն յայտնած է ներկաներուն` միջազգային տարբեր ատեաններուն արցախեան հիմնախնդիրի առարկայական ներկայացման, Արցախի միջազգային ճանաչման, տարբեր պետութիւններու հետ կապերու հաստատման ու ամրապնդման, հանրապետութեան զարգացման եւ զօրացման ուղղութեամբ անոնց հայրենանուէր գործունէութեան համար:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սահակեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած աշխուժ գործունէութեան համար պարգեւատրած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանը` «Վաչական Բարեպաշտ» մետալով:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան իր կարգին 24 մարտին ընդունեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ անոնց հետ քննարկեց Արցախի միջազգային ճանաչման հարցը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատեց այսպիսի հանդիպումներու կայացումը` միացեալ քայլերու կարելիութիւնները քննարկելու եւ համագործակցութեան օրակարգը ընդլայնելու առումով:

Հանդիպումին ընթացքին կատարուեցաւ կարծիքներու փոխանակում` Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ տագնապի լուծման ներկայ հանգրուանի եւ Արցախի միջազգային ճանաչման հոլովոյթին վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային վերջին զարգացումներուն:

Հանդիպման աւարտին նախարար Կարէն Միրզոյեան ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան յուշամետալներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES