Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կապի Մէջ Է Քեսապահայութեան Հետ

«Սփիւռքի նախարարութիւնը պարբերաբար կապի մէջ է հայ համայնքին հետ, հայ բնակչութեան օգնելու նպատակով որոշակի քայլերու ձեռնարկուած են: Հիմա համայնքին հետ կը ճշդուին ընդհանուր մանրամասնութիւնները, եւ սփիւռքի նախարարութիւնը ուշադիր կը հետեւի Քեսապի մէջ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւններուն», «Երկիր»-ին յայտնեց սփիւռքի նախարարին մամլոյ քարտուղար Մամիկոն Խուրշուդեան: Ան նշեց, որ քեսապահայութեան վիճակը տագնապայարոյց է: Սակայն իրենց օճախները վերադառնալու եւ իրենց տուներուն, ինչքին տէր կանգնելու յոյսը չեն կորսնցուցած: «Ձեռնարկուող քայլերը ճիշդ այդ նպատակին ուղղուած են, որպէսզի անոնք չմտածեն Սուրիան լքելու մասին, այլ վերադառնան իրենց տուները: Իրավիճակի որեւէ զարգացման պարագային մենք պէտք է զօրավիգ ըլլանք ու կանգնինք մեր հայրենակիցներուն կողքին: Կապը Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած քեսապահայերուն հետ պարբերաբար կայ, եւ այնտեղ, ըստ անհրաժեշտութեան տարբեր միջոցներ ու քայլեր կը կատարուին», ըսաւ Մամիկոն Խուրշուդեան: Ան տեղեկացուց, որ այս պահուն քեսապահայութեան կարգավիճակի, Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած քեսապահայերուն թուաքանակին մասին տուեալները ճշգրտման հանգրուանին մէջ կը գտնուին:

 

Share this Article
CATEGORIES