Սարգսեան. «Քեսապի Հայերուն Այսօրուան Տեղահանութիւնը Լրջագոյն Մարտահրաւէր Է»

Նախագահ Սարգսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Քեսապի իրադարձութիւններուն մասին Լա Հէյի համաժողովներուն կեդրոնին մէջ հանդէս եկաւ մամուլին համար յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորապէս ըսուած է.
«Մենք բոլորս շատ լաւ կը յիշենք Քեսապի պատմութիւնը, որ վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, ցաւօք, հարուստ է հայերու տեղահանման դժոխային իրողութիւններով», ըսած է նախագահ Սահակեան:
Ան նշած է, որ առաջին ծանր պատուհասը Քեսապի շրջանին համար 1909 թուականին էր, երբ ապրիլին թրքական զինուած ուժերը ներխուժեցին Քեսապ:
Հայերը ապաստանեցան Գալատուրանի լեռները եւ ծովեզերքը: Քեսապը հրկիզելէ ու թալանելէ ետք` թուրքերը ուղղուեցան Գալատուրան, այրեցին ու կողոպտեցին վերին թաղի տուները: Հայերը ֆրանսական փոխադրանաւով տեղափոխուեցան Լաթաքիա: Գաղթականները մօտ մէկ տարի Լաթաքիոյ մէջ մնալէ ետք վերադարձան Քեսապ եւ վերակառուցեցին իրենց տուները:
«Քեսապի հայերու այսօրուան` թիւով արդէն երրորդ տեղահանութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան 21-րդ դարու մեքանիզմներուն նետուած լրջագոյն մարտահրաւէր է: Կը կարծեմ, որ բոլորը պէտք է գիտակցին, որ ինքնըստինքեան յառաջ եկող զուգահեռները սթափեցնող պէտք է ըլլան բոլոր կողմերուն համար», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն` այս ծանր պահուն քեսապահայութեան պաշտպանութեան համար ձեռնարկուող քայլերուն համար:
«Ես արդէն յանձնարարած եմ ՄԱԿ-ի` Նիւ Եորքի եւ Ժընեւի գրասենեակներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն` հետամուտ ըլլալու մարդու իրաւունքներու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով մասնագիտացուած կառոյցներուն մէջ Քեսապի հայութեան անվտանգութեան երաշխաւորման եւ անոնց բնակութեան մնայուն վայրեր ապահով վերադարձի խնդիրներուն», ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը:
Ստեղծուած իրավիճակին մասին հանրապետութեան նախագահը երէկ խորհրդակցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հաւաստիացումով, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կ’աշխատի քեսապահայութեան աջակցելու համար անհրաժեշտ քայլերու ծրագիրին վրայ, որ պիտի իրականացուի ամբողջ ծաւալով:

