Akunq.net ԵՒ Baku.am ԿԱՅՔԷՋԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Համացանցի եւ համակարգիչի աշխարհին հետեւող վերջին զինուորներէն եմ: Պայմաններու պարտադրանքով, հարկադրաբար մուտք գործած եմ համացանցի աշխարհ` ե-նամակի հասցէ ստեղծելով եւ ֆէյսպուքի վրայ ներկայութիւն դառնալով: Վարպետ ալ չեմ այս ծիրին մէջ, ամէն օր նորութիւններ բացայայտելով` ինչպէս շատեր կ՛ըսեն, շատ դիւրին կերպով:

Դժուարութեամբ սկսած եմ սորվիլ հայերէի գիրերուն տեղերը` փորձելով հայերէն տառերով գրել մեծ դժուարութեամբ:

Այս բոլորը սակայն երբեք արգելք չեղան, որ ես դիւրութեամբ գտնեմ վերոյիշեալ զոյգ կայքէջերը:

Հիացա՞յ արդեօք, քիչ է:

Զարմացա՞յ արդեօք, թերեւս:

Շշմեցա՞յ թերեւս, թերեւս:

Հպարտացա՞յ, այո՛, հպարտացայ: Սիրտս լեցուեցաւ ուրախութեամբ, բայց մանաւանդ հիացայ  տարուած աշխատանքի լրջութեամբ ու բծախնդրութեամբ:

Ծրագրուած, բծախնդիր եւ համապարփակ աշխատանք տարուած է այս զոյգ կայքէջերը ստեղծելու համար: Անաչառ աշխատանք` ազգային խորքով:

Ոեւէ հայորդի, որ առիթ ունենայ այցելելու այս կայքէջերը կրնայ վկայել վերոյիշեալին մասին:

Բնականաբար akunq.net-ը աւելի ծաւալուն է իր բազմաթիւ ճիւղաւորումներով, ուր կարելի է գրել Արեւմտահայաստանին վերաբերող գրեթէ ամէն բանի մասին: Փաստօրէն այս կայքէջը հսկայ շտեմարան մը կը բանայ Արեւմտահայաստանի մասին` անսպառ գիտելիքներով, նկարներով եւ փաստացի տուեալներով: Հայկական գրաւեալ տարածքներու մասին կայ անմիջական լրատուութիւն, ամէնօրեայ դրութեամբ, թարմ լուրերով հարուստ: Կայքէջը փաստօրէն Արեւմտահայաստանի մասին ամէնէն ընդարձակ լրատուութիւնը կը ներկայացնէ աշխարհի հայութեան` ամրացնելով կապը երկրին հետ: Կայքէջը հաստատուած է «Արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամին կողմէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութիւնն է: Կայքէջը հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով է եւ կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան այլ շրջաններու մէջ ապրող հայութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վերաբերող տեղեկութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ: (Կեդրոնի տնօրէնութիւնը կը վարէ Հայկազուն Ալվրցեանը):

Baku.am-ը, երեք լեզուներով է` հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն: Կայքէջի նպատակն է ներկայացնել եւ լուսաբանել Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի հայ համայնքի հարուստ անցեալն ու ժառանգութիւնը: Կայքը հաստատուած է Հայոց ցեղասպանութեան Երեւանի թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ (տնօրէն` Հայկ Դիմոյեան): Կայքը հիմնական տեղեկութիւններ, տուեալներ եւ նկարներ կը ներկայացնէ Պաքու քաղաքի պատմութեան մէջ հայերու ձգած մշակութային եւ քաղաքակրթական աւանդի մասին: Կայքը հասցէագրուած է գիտական հաստատութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են հայկական համայնքներու պատմութեամբ:

Ահաւասիկ երկու հասցէներ, որոնք հայկական ոգիի, ազգային հպարտութեան օրինակներ են:

Որպէս հայ պէտք է հպարտանալ այս զոյգ կայքէջերով (բնականաբար կան նաեւ շատ ուրիշներ) եւ մանաւանդ պէտք է տեսնել զանոնք` ապրելու համար այդ հպարտութիւնը:

Բարձր գնահատանքի աշխատանք:

Վարձքը կատար այս աշխատանքը իրականութիւն դարձնող բոլոր յայտնի եւ անյայտ աշխատողներուն:

Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ

22 յունիս 2011
Այնճար

Share this Article
CATEGORIES