ՏԻ ՄԱԹԷՕ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՉԵԼՍԻ` ԻԲՐԵՒ ՕԳՆԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻՉ

Ռոպերթօ Տի Մաթէօ (ձախին) եւ Անտրէ Վիլաս-Պոաս

Չելսիի նախկին միջնապահ Ռոպերթօ Տի Մաթէօ, նախանցեալ օր վերադարձաւ «Սթեմֆըրտ Պրիճ», սակայն այս անգամ իբրեւ օգնական մարզիչ` Անտրէ Վիլաս-Պոասի:

1996-էն 2002 լոնտոնեան ակումբին մաս կազմած Տի Մաթէօ 31 տարեկանին ստիպողաբար լքեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:

Նոր մարզիչ Վիլաս-Պոաս յայտնեց, որ «առաջին գործս եղաւ անոր հետ կապի մէջ մտնել` այս պաշտօնը անոր առաջարկելու համար, որովհետեւ ան յարմարագոյն միակ անձն է այդ պաշտօնին համար»:

Նոր մարզիչը Չելսիին միացուց նաեւ մարզանքի մարզումներ կատարող 48 տարեկան Ժոզէ Մարիօ Ռոշան: Ան նախապէս փորթուգալցիին հետ գործակցած է, երբ անոնք մաս կը կազմէին Փորթոյի եւ Աքատեմիքայի:

Share this Article
CATEGORIES