Մամուլի Հաղորդագրութիւն

ANC-Int-logo-transԿը դատապարտենք Քեսապի վրայ Թուրքիոյ ճամբով վերջին օրերուն կատարուած յարձակողական գործողութիւնները:

Ամիսներէ ի վեր մենք կը զգուշացնէինք միջազգային համայնքը, թէ Սուրիոյ մէջ կռուող այս օտար ծայրայեղական կռուողները կը ներկայացնեն մեծագոյն վտանգը Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան համար: Հայաբնակ Քեսապ աւանի եւ շրջակայ գիւղերուն վրայ այս դաժան եւ չհրահրուած յարձակումները նորագոյն օրինակն են այդ բռնութեան, որ գործօն կերպով կը քաջալերուի դրացի Թուրքիոյ կողմէ:

Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր պետութիւններուն, որոնք ազդեցութիւն ունին Սուրիոյ տագնապին մէջ, գործածելու իրենց տրամադրելի բոլոր միջոցները` Քեսապի խաղաղ բնակչութեան դէմ այս յարձակումներուն վերջ դնելու եւ թոյլ տալու անոնց` ապահով եւ անվտանգ վերադառնալու իրենց տուները:

Վերջին հարիւր տարուան մէջ, այս երրորդ անգամն է, որ հայութեան կը պարտադրուի հեռանալ Քեսապէն. երեք պարագաներուն ալ Թուրքիան կամ յարձակողն է եւ կամ` յարձակողներուն աջակցողը:

Միաժամանակ, անհրաժեշտ է, որ միջազգային համայնքը զսպէ Թուրքիան, որպէսզի ան դադրեցնէ իր հակահայ այս եւ նման գործողութիւնները, եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու հայութեան դէմ իր թշնամական քաղաքականութիւնը:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

23 մարտ, 2014

 

 

Share this Article
CATEGORIES