ՀՅԴ Ուսանողական Եւ Երիտասարդական Միութիւնները Բողոքի Ցոյց Պիտի Կատարեն Քեսապի Դէպքերուն Կապակցութեամբ

ARF_Logo-coloredԵրէկ` երկուշաբթի, 24 մարտ 2014-ին, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը եւ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեցին, որ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն կապակցութեամբ, զոյգ միութիւնները բողոքի ցոյց մը պիտի կազմակերպեն ՄԱԿ-ի Հայաստանի գրասենեակին առջեւ: Ցոյցը տեղի պիտի ունենայ 27 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին Թուրքիա կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնը, եւ ՄԱԿ-էն կը պահանջէ կատարել իր իսկական առաքելութիւնը` դատապարտել եւ կանխել Թուրքիոյ կողմէ կատարուած քեսապահայութեան ռմբակոծումները եւ աշխատիլ անոնց բնակութեան վայրին վերադարձը ապահովելու ուղղութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES