Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հանգիստի պէտք ունիք, որպէսզի կարենաք հանդարտ տրամադրութեամբ մտածել ձեր յառաջիկայի աշխատանքները կազմակերպելու: Մնացէք իմաստուն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երբեմն կ՛ուզէք խոյս տալ դուք ձեզմէ, բայց միշտ ձեզ կը փնտռեն, հետեւաբար մնացէք ձեր դիրքին վրայ, որպէսզի կարենաք օգտակար ըլլալ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մտաւորական աշխատանքով տարուած էք, պիտի հետեւիք ձեր ընթերցումներուն, որոնք ձեզ պիտի առաջնորդեն աւելի բարձր գործունէութեան մը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաջողութիւններ ունիք, բայց անոնցմով մի՛ բաւարարուիք, շարունակեցէք ձգտիլ դէպի լաւագոյնին, որուն կարող էք հասնիլ ձեր հմտութեամբ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան կամ ամուսնական ձեր կեանքը բարելաւելու համար ջանացէք զիրար հասկնալ եւ իրարու օգնել դժուարութեան մը պարագային:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարգ մը գործեր որոշած էիք, սակայն զանազան արգելքներ պիտի ցցուին ձեր դիմաց: Առանց ափսոսանքի` համբերեցէք: Վաղը կրնաք իրագործել զայն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Սիրոյ պատմութիւն մը անակնկալի պիտի բերէ ձեզ, մի՛ զարմանաք: Կեանքը կ՛ունենայ նման երեւոյթներ, դիմաւորեցէք սիրով, կը յաջողիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրուան հարցերը մի՛ բարդացնէք` զանոնք ողբերգութեան վերածելով: Պարզ եղէք եւ բարին մտածեցէք: Ձեր յոռետեսութիւնը հեռացուցէք ձեզմէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Փորձեցէք նուագել երաժշտական գործիքի մը վրայ` փորձելու համար, թէ կրնաք տաղանդ մը ունենալ այս մարզին մէջ: Փորձով երեւան կու գայ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադրութիւն ըրէք ձեր առօրեային մէջ ձեր յարաբերութիւնը կատարելու պատշաճ ձեւով` նկատի առնելով ձեզմէ բարձր դիրք ունեցողները:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հակառակ սեռի անձի մը հետ հանդիպում մը պիտի ունենաք: Անոր հանդէպ պիտի ունենաք սիրոյ զգացում մը. կատա՞կ է, թէ՞ իրաւ այս զգացումը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օգտակար ուտելիք կերէք, ամէն ինչ մի՛ ուտէք, մանաւանդ` ուշ ժամերուն: Յարգեցէք ուտելու ժամերը` առողջ մնալու համար: Ուշադիր եղէք:

Share this Article
CATEGORIES