50 Տարի Առաջ (27 Մարտ 1964)
Հալէպի Հայ Ծերանոցի Բացման Հանդէսը
Ճի՛շդ է որ շուրջ երկու տարիէ ի վեր լրացած էր երկրորդ յարկին կառուցումը, բայց տեղի ունեցած չէր անոր բացման հանդէսը:
Ու երբ իմացուեցաւ, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահը` տոքթ. Խոսէ տէ Ազիրետօ Փերտիակօ եւ նոյն կազմակերպութեան հայկական բաժնի տնօրէն Ռոպեր Կիւլպէնկեան եւ ՄԱԿ-ի Գաղթականաց կոմիսարութեան ներկայացուցիչը` Սալըմ քաղաքս պիտի ժամանեն իրենց կիներով, որոշուեցաւ օգտագործել այս պատեհ առիթը:
Յարգելի հիւրերը քաղաքս ժամանեցին 15 մարտ 1964-ին եւ դիմաւորուեցան երեք յարանուանութեանց պետերուն, հայ ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներու, ծերանոցի վարիչին ու այլ անձնաւորութեանց կողմէ:
Յաջորդ օրը առաւօտեան այցելեցին այն վարժարանները, որոնց խնդրանքին գոհացում տալով` նպաստ յատկացուցած էին: Կ՛ուզէին անձամբ ստուգել կառուցանելի շէնքերուն վայրը եւ անոր դպրոցական յարմարութիւններու ատակ ըլլալը:
Վերոյիշեալ հաստատութիւններն էին`
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան` 336,000 տոլար:
Զաւարեան վարժարան` 16,000 տոլար:
Մեսրոպեան վարժարան` 20,000 տոլար:
Հայ կաթողիկէ եկեղեցի եւ դպրոց` 40,000 տոլար:
Գումար` 109,000 տոլար:
Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, ըստ որոշուած յայտագրին, անոնք ժամանեցին ծերանոց, ուր ընդունուեցան պատուի կեցած սկաուտներուն, արենուշներուն կրօնական պետերուն եւ վարիչին` բուռն ծափահարութիւններով, գառնուկ մը մորթուեցաւ տոքթ. Խոսէի ոտքերուն առջեւ:
Հանդէսը բացուեցաւ սուրիական օրհներգով, զոր յոտնկայս ունկնդրեց ժողովուրդը:
Ապա խօսք առաւ առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեան, որ հայերէնով հետեւեալ խօսքերն ըրաւ.
– Երբ նոր հասայ քաղաքս ու այցելեցի ծերանոցը, սիրտս մորմոքեցաւ, վասնզի ան չունէր պատսպարան մը ըլլալու յարմարութիւնները: Բայց ողջ ըլլայ ժողովուրդս, որ իր լումաներով հնարաւոր դարձուց շէնքին կառուցումը: Մենք անոր շուրջ համախմբուած ենք առանց դաւանանքի խտրութեան: Ծերանոցին խնամակալ կազմը ատոր բացայայտ ապացոյցն է:
Եւ սակայն մեզի համար դժուարին էր պահանջը զգալի դարձած երկրորդ յարկին կառուցումը, եթէ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը եւ ՄԱԿ-ի Գաղթականաց կոմիսարութիւնը օգնութեան չհասնէին` իւրաքանչիւրը 20,000-ական տոլարով, ինչ որ հնարաւոր դարձուց նաեւ կեդրոնական ջեռուցումի կազմածին զետեղումը: Օրհնեց «Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը` ՄԱԿ-ի Գաղթականաց կոմիսարութիւնը՝ կարողութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներով:
Յաջորդեց հայ կաթողիկէ առաջնորդ Լայէքեան, որ արաբերէնով ըսաւ.
– Ուրախ ենք, որ այս հիանալի առիթը տրուեցաւ մեզի` արտայայտելու համար երախտագիտական մեր զգացումները «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին եւ ՄԱԿ-ի Գաղթականաց բարձր կոմիսարութեան, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ հնարաւոր դարձուցին ծերանոցին այսօրուան վիճակին հասնիլը: Չմոռնանք յիշատակելու, որ առանց հայ ժողովրդեան անվերապահ աջակցութեան` մենք ի վիճակի պիտի չըլլայինք այս ծերանոցը կառուցելու եւ պահպանելու: Օրհնեալ ըլլան անոնք, որոնք դիւրացուցին մեր գործը:
Յետոյ ֆրանսերէն գրութիւն մը կարդաց հայ աւետարանական համայնքի կողմէ վերապատուելի Ներսէս Խաչատուրեանը:
– Ուրախութիւն եւ պատիւ է մեզի համար ձեզ մեր մէջ ունենալը ծերանոցին բացման այս հանդէսին: «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նպաստը ծերունիներու հանդէպ անշահախնդիր կեցուածք մըն է: Մենք հպարտ ենք մեր դարու գիտական յառաջդիմութիւններով: Կը փորձեն անջրպետի ու այլ մոլորակներու նուաճումը, ինչ որ ատելութիւն եւ անվստահութիւն կը յառաջացնէ: Ութ միլիոն գաղթականներ կան այսօր: Մենք ճանչցանք այդ տաժանքը: Բայց, այսօր, շնորհիւ սուրիական բարեխնամ կառավարութեան, աւելի բախտաւոր ենք: Մտքէս չէր անցներ երբեք, որ պիտի կարենայինք ունենալ այսօրուան ծերանոցը` օդաւէտ եւ առողջապահիկ հանգամանքներով:
Կ՛օրհնենք հանգուցեալ Գալուստ Ս. Կիւլպէնկեանի յիշատակը, ՄԱԿ-ի Գաղթականաց բարձր կոմիսարութիւնը: Կ՛օրհնենք յիշատակը Պետրոս Թոզլեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքի ննջեցեալներուն:
Ապա բեմ ելաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախագահը` տոքթ. Խոսէ տէ Ազիրետօ Փերտիակօ, որուն ֆրանսերէն խօսքը կու տանք թարգմանաբար.
– Պրն. նախագահ ծերանոցի վարչական խորհուրդի,
Պրն. ներկայացուցիչ Գաղթականներու բարձր կոմիսարութեան,
Գերաշնորհ արքեպիսկոպոսներ եւ վերապատուելի Խաչատուրեան,
Տիկիններ, պարոններ,
Շնորհաւորական երկու խօսք միայն «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին համար մեծ հրճուանք մըն է այս արարողութեան ներկայ գտնուիլը` ներկայացուած իր նախագահով եւ իր վարիչ Ռոպեր Կիւլպէնկեանով:
Այս խնդիրը կապ ունի միայն բարեգործական հաստատութեան մը նոր յարկաբաժնին հետ:
Ա՛յս է, բայց տակաւի՛ն աւելին է: Սա նոր հաստատում մըն է աւելի լայնամիտ ոգիի մը, որ իրականացումն է գործի մը, որուն մէջ ի յայտ կու գայ եւ կը հաստատուի քրիստոնէական ամբողջ հոգին:
Այս գեղեցիկ գործին սկզբնական մասին իրականացումին նպաստած են Հալէպի հայկական բոլոր համայնքները, ինչ որ կը փաստէ, որ ան, իր սկզբնաւորութենէն ի վեր ոգեւորուած է իսկապէս համամարդկային զգացումով մը եւ ոգիով մը:
Այս ոգին եւ այս զգացումը վերահաստատուած են այսօր բացումը կատարուող շէնքին երկրորդ յարկին կառուցումին առթիւ:
Այն իրողութիւնը, որ ՄԱԿ-ը եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը նպաստած են այս իրագործումին, մարդկային համերաշխութեան այդ ոգին կ՛ամրապնդէ:
Այս բոլորէն կրնանք սփոփարար եզրակացութիւն մը հանել, այն, որ կրնանք վստահութեամբ նայիլ ապագային, եթէ մարդիկ, Աւետարանի օրէնքին հետ համերաշխ տրամադիր ըլլան սիրել մերձաւորը, ինչպէս` իրենց իսկ անձը:
Ապա կատարուեցաւ ծերանոցի նկարներով ոսկեայ մետալներու յանձնումը տոքթ. Խոսէի, ՄԱԿ-ի Գաղթականաց կոմիսարութեան ներկայացուցիչ Սալեմի եւ Ռոպեր Կիւլպէնկեանի:
Որմէ ետք երկրորդ յարկը բարձրանալու ատեն Սալեմ կտրեց սանդուխին վրայի ժապաւէնը: Իսկ վերի յարկին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւնը շամփանիայով, կարկանդակով, շաքարով, օշարակով:
Օրուան հիւրերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին խնամակալութեան եւ վարիչին, որուն ճակատէն համբուրեցին տոքթ. Խոսէ եւ Ռոպեր Կիւլպէնկեան` գնահատական խօսքերով:
Հաւաքոյթին կազմակերպումը վստահուած էր ծերանոցի օժանդակ Երիտասարդաց միութեան:
ՎԱՉԷ

