Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1. Վիտէոյի խաղերը դրական ազդեցութիւն ունին:
ՃԻՇԴ: Յաճախ զանոնք կը մեղադրենք պատանիները վայրագութեան մղելու յանցանքով, մինչդեռ անոնց մեծ կարեւոր թիւ մը տրամաբանելու կ՛օգնեն:

3. Հօր տարիքը կ՛ազդէ նորածինին առողջութեան վրայ:
ՃԻՇԴ: Տարեց անձի մը նորածինը աւելի ենթակայ է անբնական ըլլալու եւ լուրջ հիւանդութիւններ ունենալու:

2. Սխտորը օգտակար է սիրտին:
ՃԻՇԴ: Արդէն 3000 տարի առաջ եգիպտացիները ծանօթ էին անոր բուժիչ յատկութիւններուն: Մեր օրերուն անհերքելի է անոր կանխարգելիչ յատկութիւնը սրտանօթային հիւանդութիւններուն, բայց նաեւ որոշ տեսակի (ստինք, թոք, ստամոքս…) քաղցկեղներուն դէ

5.Կլկլակը նուազ վնասակար է առողջութեան, քան` ծխախոտը:
ՍԽԱԼ: Ինչ որ ալ ըլլայ ծխելու ձեւը կամ միջոցը երկուքն ալ վնասակար նիւթեր կ՛արտադրեն եւ պատճառ կը դառնան սրտի եւ թոքերու ծանր, անբուժելի հիւանդութեանց:
4. Օրական 5 ծխախոտէն նուազ ծխելը անվնաս է առողջութեան
ՍԽԱԼ: Նոյնիսկ 2 ծխախոտ ծխելով ենթական թոքի քաղցկեղի կրնայ ենթարկուիլ: Բացարձակապէս չծխելով միա՛յն կարելի է պաշտպանուիլ անկէ:

7. Ոգելից ըմպելին չի գիրցներ:
ՍԽԱԼ: Իւրաքանչիւր 100 կրամ ալքոլը 7 ջերմուժ կը պարունակէ: Մօտաւորապէս 100 ջերմուժ կը պարունակէ բաժակ մը գինին:

6. Անօթի փորով պէտք չէ դպրոց մեկնիլ:
ՃԻՇԴ: Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, թէ նախաճաշ ընող երեխաներուն բանաւոր արտայայտութիւնը եւ Այ. Քիուն աւելի զարգացած կ՛ըլլան:
10 Խորհուրդ`
Ձեր Մազերը Առողջ Պահելու Համար
1
Երբ ձեր մազերը կը լուաք, մարձեցէք ձեր գլխուն մորթը շրջանակաձեւ շարժումներով: Հրաժարեցէք եղունգներով զայն քերթելէ: Մարձումը կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը եւ դրական ազդեցութիւն կը գործէ մազերու առողջ աճին վրայ:
2
Առատ ջուրով ցօղուեցէք ձեր մազերը: Ամենալաւ շամփուէններն անգամ կրնան մնացորդներ ձգել եւ վնասել մազերուն:
3
Տաք ջուրը կը վնասէ մազերուն, զանոնք լուացէք եւ ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:

5. Կարելի եղածին չափ սահմանափակեցէք սէշուարի գործածութիւնը: Տաք հովը կը վնասէ մազերուն. զանոնք կը դարձնէ դիւրաբեկ եւ կը խլէ անոնց փայլքը:

4. Եղանակի փոփոխութիւններուն հետ, տարուան ընթացքին մազի յատուկ ծեփուկներ գործածեցէք` անոնց փայլ եւ առողջութիւն ապահովելու համար:
6
Խիստ սննդականոնի հետեւողները անխուսափելիօրէն մազի հարց կ՛ունենան: Որոշ ուտելիքներ զեղչելով անոնք մազը կը զրկեն որոշ կենսանիւթերէ եւ հանքայիններէ, որոնք չափազանց անհրաժեշտ են մազին: Որպէսզի մազերը առողջ ըլլան, չկոտրտին եւ չթափին պէտք է ճաշացուցակէն անպակաս ընեն մութ կանաչ գոյնի բանջարեղէնները, ընկոյզը, հացահատիկները, բնասպիտով հարուստ ուտելիքները, եւ այլն…

8. Պարբերաբար կտրեցէք ձեր մազերը անոնց հիւանդ ծայրամասերէն ձերբազատելու համար:

7. Օրական 2 անգամ խոզանակով սանտրեցէք ձեր մազերը, գլխուն մորթը մարձելու, փոշին եւ աղտը հեռացնելու համար:
9
Հրաժարեցէք ֆէրի, սէշուարի տեւական գործածութենէն, որքան որ ալ որակաւոր ըլլան անոնք, երկար ժամանակի վրայ կ՛այրեն եւ կը չորցնեն մազը:
10
Գործածեցէք որակաւոր շամփուէններ: Իսկ ամրան եղանակին եթէ օրական պիտի լուաք ձեր մազերը, ընտրեցէք երեխաներու` համեմատաբար անվնաս տեսակները:
5 Համոզիչ Պատճառներ`
Սունկ Ուտելու Համար
Սունկը չափազանց առողջապահական ուտելիք մըն է: Հում թէ եփած, աղցանի մէջ թէ ապուրի, ան շատ համեղ եւ օգտակար է: Եկէ՛ք ծանօթանանք, թէ ինչո՛ւ սունկը անպակաս պէտք է ըլլայ մեր սեղաններէն:
1
Սունկը թելադրելի է սննդականոնի հետեւողներուն: Իւրաքանչիւր 100 կրամը 25 ջերմուժ կը պարունակէ, իսկ անոր պարունակած բնասպիտը ինքնաբերաբար կուշտ կը պահէ:
Սունկը հարուստ է ջուրով եւ բնաթելով, խիստ յանձնարարելի` տափակ փոր ունենալ փափաքողներուն:
2
Սունկը հարուստ է Պէ. խումբի կենսանիւթերով, որոնք կը մասնակցին մեր բջիջներու աճման, ուղեղի լաւ գործունէութեան, մարմնի դիմադրականութեան, եւ այլն…
3
Սունկը միայն բոյսն է, որ հարուստ է Տէ. կենսանիւթով: Ինչպէս ծանօթ է, այս կենսանիւթը շատ կարեւոր դեր կը կատարէ` նպաստելով, որ կիրը հաստատուի մեր ոսկորներուն վրայ: Նոյն այս կենսանիւթը նաեւ կը պաշտպանէ օսթէօփորոզէ, ինչպէս նաեւ` ստինքի քաղցկեղէ, շաքարախտէ, աղիքային հիւանդութիւններէ եւ սրտանօթային անհանգստութիւններէ:
4
Սունկը հրաշալի դեղ է աղիքներուն եւ մարսողութեան: Անոր պարունակած բնաթելերը կը կանոնաւորեն աղիքներու գործունէութիւնը եւ կը կանխարգիլեն պնդութիւնը:
5
Ճերմակ սունկը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը: Սունկի գործածութիւնը կը պաշտպանէ բջիջները ծերանալէ, շնորհիւ իր պարունակած սէլէնիոմին:
Խոհագիր
Սունկով Աղցան
Բաղադրութիւն
3-էն 4 հատ պզտիկ գետնախնձոր
10-էն 12 հատ թարմ սունկ
Սեւ ձիթապտուղ (ըստ ճաշակի)
Կանաչ սոխ
Մանրուած ազատքեղ
Ձիթաիւղ
Կիտրոնի հիւթ
1 պճեղ ճզմուած սխտոր
Քանի մը տերեւ թարմ անանուխ
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Գետնախնձորները խաշել, կեղուել, չորսի բաժնել եւ դնել խորունկ ամանի մը մէջ:
Աւելցնել մաքրուած եւ երկուքի կիսուած թարմ սունկերը:
Աւելցնել կուտը հանուած ձիթապտուղը, մանրուած կանաչ սոխը, ազատքեղը, անանուխը եւ ճզմուած սխտորը:
Խառնուրդին աւելցնել կիտրոնի հիւթով, ձէթով, աղով եւ պղպեղով պատրաստուած թացանը:
Խառնել եւ հրամցնել մսեղէնի մը կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ես քո լոյսն էի,
Քո լուսաբացը,
Բայց ո՞վ էր, ի՞նչ էր
Քո որոնածը:Ես քո յոյսն էի,
Քո արդար հացը,
Բայց ո՞վ էր, ի՞նչ էր
Քո որոնածը:Քո տան սիւնն էի,
Քո մեղքն ու լացը,
Բայց ո՞վ էր, ի՞նչ էր
Քո որոնածը:Էլի քո ջուրն եմ
ու ջրաղացը…
Թող բարի լինի
Քո վերադարձը:ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

