Մուշեղ Իշխանի Ծննդեան 100-Ամեակին Առիթով. Բանաստեղծութեան, Լեզուի Եւ Յարակից Հարցերու Մասին
Զրոյցը վարեց` ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Բախտաւոր են այն բանաստեղծները, որոնք այս անցաւոր աշխարհին հրաժեշտ տալէ երկար տարիներ առաջ դասական բանաստեղծի պատուանդանին կը բարձրանան եւ կը միանան վաւերական քերթողներու փաղանգին: Մուշեղ Իշխան մէկն էր ի վերուստ օրհնեալ այդ բախտաւոր ծնունդներէն: Ադամանդի պէս պարզ ու բազմերանգ, բայց միաժամանակ կուռ ու խորախորհուրդ սիրելի քնարերգակ մը, որ միշտ ձգտեցաւ «պարզին վսեմութիւն» բանին եւ արժանացաւ տարբեր ճաշակներու տէր գրողներու, քննադատներու եւ ընթերցողներու ամբողջական յարգանքին ու գնահատանքին:Մ. Իշխանի հետ կատարուած ընդարձակ երկխօսութենէ մը քաղուած այս հատուածը եւ մնացեալ բաժինները զրոյցին, օրին` 1979 թուականին, տպուած են «Բագին» ամսագրի հոկտեմբերի եւ նոյեմբերի թիւերուն մէջ: Ձայնագրեալ երիզէն տառացիօրէն արտագրուած վերոնշեալ երկխօսութիւնը, կը կարծենք, այսօր կը ստանայ կրկնակ վաւերականութիւն, երբ համբուրելիօրէն սիրելի բանաստեղծը կը խօսի ո՛չ թէ երեսունհինգ տարիներու խորերէն, այլ` յաւերժական հարցերու բացարձակ ժամանակին բարձր կատարէն: |
Մ. ԻՇԽԱՆ
|
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բանաստեղծութեան, գեղանկարչութեան, փիլիսոփայութեան, թատրոնի կամ որեւէ այլ արուեստի մասին վերջնական բնութագրում մը կարելի չէ կատարել: Որովհետեւ ո՛րքան ալ մանրամասնենք, ո՛րքան ալ հաստատ եւ օրէնքի վերածուած տեսակէտներով հիմնաւորենք մեր խօսքը, յետադարձ արագ ակնարկ մը նետելէ ետք պիտի նկատենք, որ ընդամէնը քանի մը խօսք ըսած ենք` ծովածաւալ եւ անհուն այն տիեզերքին շուրջ, որուն համար գրադարանի մը հատորներն անգամ անբաւարար կու գան:
Այնուամենայնիւ, իւրաքանչիւր բանաստեղծ արուեստին կու տայ ի՛ր սահմանումը, զայն կը բանաձեւէ համաձայն իր համոզումներուն:
Արդ, հարց կու տանք. «Ի՞նչ է բանաստեղծութիւնը շուրջ յիսնամեայ փորձառութիւն մը ապրած Մ. Իշխան բանաստեղծին համար»:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինչպէս ըսինք, բանաստեղծութեան կամ արուեստներու մասին տրուած պատասխաններն ու սահմանումները այլազան են, նայած թէ ո՛ր անկիւնէն կը դիտուի հարցը: Այլազան են, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը ապրող մարդոց կեցուածքը կեանքին հանդէպ այլազան է: Եւ այն գրողը, որ «բանաստեղծութիւնը յաւիտենական կեանքին աւիշն է» ըսած է, սխալ դատում մը չէ կատարած: Բայց աւելի յստակացնելով` ես պիտի ըսէի, որ քերթուածը կեանքին յաւերժական գոյներուն անդրադարձումն ու ցոլացումն է բանաստեղծին հոգեկան աշխարհին մէջ:
Որովհետեւ կեանքը` իր այլազան երեսներով ու երեւոյթներով, երբ կ՛անցնի մեր ջիղերէն, հակազդեցութիւն մը կ՛առաջացնէ, կ՛արձագանգէ, կը զարնուի մեր հոգիին քարայրներուն, եւ այդ բախումէն ծնունդ կ՛առնէ բանաստեղծութիւնը, այդ արձագանգին ձայնը:
Կան բանաստեղծներ, որոնց հոգին աւելի կ՛արձագանգէ յեղափոխական եւ ընկերային հարցերու աղմուկին, քան ուրիշի մը, որ իր աշխարհին մէջ փակուած, թերեւս ոմանց համոզումով կ՛ունենայ շատ նեղ ապրումներ, ներանձնական արձագանգներու ցոլացումներ եւ կը փորձէ բանաստեղծութեամբ արտաքնացնել զանոնք: Այս ալ խառնուածքի հետ կապուած հարց մըն է, որոշ չափով նաեւ կախում ունի միջավայրէն եւ միջավայրէն բխող ապրումներէն:
Սակայն, իմ կարծիքով, բուն բանաստեղծութիւնը վերջին հաշուով ապրումն է, արձագանգն է, որքան ալ զայն լրացնելու գան օժանդակ յատկանիշներ, այսինքն` որոշ փիլիսոփայութիւն մը, որոշ մտածում մը, բառերու ճարտար դասաւորումով ստացուած խորհրդաւոր կամ երաժշտական տպաւորութիւններ, հակադրութիւններ, համեմատութիւններ եւ այլն: Ես կը հաւատամ, որ ասոնք բանաստեղծութիւնը բանաստեղծութիւն դարձնելու արուեստին օժանդակներն են, իսկ հիմնական կենսանիւթը այն ապրո՛ւմն է, այն յուզո՛ւմն է, որ կեանքը կու տայ քեզի: Առանց յուզումի ես բանաստեղծութիւն չեմ կրնար ըմբռնել, հակառակ այն իրողութեան, որ ֆրանսացի եւ այլ ժողովուրդներու պատկանող կարգ մը բանաստեղծներ կը յայտարարեն, թէ զգացումը կը մեռցնէ բանաստեղծութիւնը (Փօլ Վալերի):
Իմ խոր համոզումով, յուզում մը կամ զգացումէ մը պիտի բխի բանաստեղծութեան ժայթքը: Հետագային պիտի գայ զայն արտաքնացնելու արուեստը, որուն մէջ բառերն ալ իրենց դերը ունին, պատկերներու գիւտն ալ իր դերը ունի, երաժշտութիւնն ալ, կառոյցն ալ, թելադրականութիւնն ալ եւ այլն: Բայց յուզումը պէտք է ըլլայ կորիզը բանաստեղծութեան:
Եթէ վարակիչ դեր մը ունի՛ բանաստեղծութիւնը, եթէ կը գրես` նախ անշուշտ քեզի համար, պարպուելու համար, նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ այս վարակիչ դերը ընկերային բնոյթ ունի եւ բանաստեղծութեան ընկերային դերը ա՛յն է, որ անիկա փոխանցուի ուրիշին` ընթերցումի կամ ունկնդրութեան միջոցաւ: Թէ արուեստի ո՞ր ձեւով կամ ո՞ր ճամբով կը փոխանցես` ատիկա այլ հարց է եւ անոր համար «դպրոցներ» ստեղծուած են: Վերջապէս, բոլորն ալ զգացում մը փոխանցելու ճամբաներ են, եթէ նոյնիսկ յստակ մտածում մը չփոխանցեն:
Յետոյ, թերեւս դարձեալ կ՛անդրադառնամ Օշականին, երբ բառերէն կը վախնամ: Եթէ կարենամ նուազագոյն բառերով արտայայտել առաւելագոյն յուզումը` հոգեպէս գոհացած պիտի ըլլամ, որովհետեւ բառերը ինծի համար նպատակ չեն, թէեւ բանաստեղծութեան մէջ նպատակի վերածողներ ալ կան, որոնց համար բառերն են հիմնականը եւ բառերու դասաւորումն է, որ բանաստեղծութիւնը կը շինէ:
Հ.- Այսինքն չէք բաժներ տեսակէտը այն բանաստեղծներուն, որոնց համար քերթուածը նաեւ լեզուն է` յուզում, մտածում եւ հոգեվիճակ ըլլալով հանդերձ: Անշուշտ, լեզուին տրուած այս նախապատուութիւնը ոճի հասկացողութենէն անդին անցնող համոզում մըն է, որ մեր մէջ եւս սկսաւ հող շահիլ վաթսունական թուականներու աւարտին, երբ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ հրապարակ իջան փորձառական գրականութեան անհրաժեշտութիւնը պաշտպանող երիտասարդ բանաստեղծներ:
Այս տեսակէտը պաշտպանողները կ՛աւելցնեն, որ կարելի չէ բանաստեղծութիւնը պայմանաւորել ծանօթ լեզուով մը, այսինքն` ուսուցողական ազդակներու հետեւանքով օրէնքի վերածուած յանգ ու հատածով եւ ոչ ալ այլ կաղապարներով: Որովհետեւ նոր փորձառութենէ մը կամ հոգեվիճակէ մը բխած քերթուածը իրեն հետ կը բերէ ի՛ր լեզուն, իր կշռոյթը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ճիշդ է, համաձայն եմ բոլորովին, որովհետեւ արուեստը կարելի չէ բաժնել նիւթէն: Ասիկա ընդունուած ճշմարտութիւն մըն է: Եւ բանաստեղծութիւն մը բացատրելու կամ վերլուծելու պահուն եթէ մենք կ՛ըսենք` «խորքը այս է, ձեւը այս է», ասիկա պարզապէս մեր մտածումները հասկնալի դարձնող ուսուցողական միջոց մըն է: Որովհետեւ ձեւն ու խորքը իրականին մէջ կը նոյնանան, իսկ եթէ ձեւը քիչ մը փոխես` խորքն ալ կը փոխուի:
Արձան մը առ, օրինակի համար: Արձանը ձեւ է, բայց նաեւ իմաստ մըն է, իսկ արձանին ձեւը եթէ քիչ մը փոխենք, իմաստն ալ կը փոխուի: Որով` բառը, որ արտաքին իմաստ կու տայ ներքին ապրումին, կը միաձուլուի յուզումին հետ: Սակայն իմ ըսածս ա՛յն է, որ լեզուն, զոր ապրումը իրեն հետ պիտի բերէ, կարենայ արտայայտել, արտաքնացնել ապրումը` առանց բառերու պաշտամունքի եւ շռայլութեան վերածուելու: Ասիկա թերեւս` իմ խառնուածքիս բերումով:
Հ.- Կարգ մը ժամանակակից լեզուաբաններ կը պաշտպանեն այն տեսակէտը, թէ իր կառոյցը փոփոխութեան ենթարկելէ խուսափող լեզուն իր մեծ մասամբ անցեալ կը նշանակէ, մինչդեռ որեւէ ապրող լեզուի կարելիութիւնները եւ առաձգական հնարաւորութիւնները նկատի առած` անիկա ապագայ է, ներկայ եւ անցեալ ըլլալէ առաջ:
Իբրեւ բանաստեղծ, անկասկած, դուք ապրած էք այս փորձառութիւնը: Արդ, կրնանք հարց տալ. «Բանաստեղծ Մ. Իշխանը ինչպէ՞ս յաղթահարեց «լեզուի պատնէշ»ը շրջանցելու այս հանգրուանը եւ այդ գծով գլխաւոր ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաք»:
Պ.- Լեզուն քարացած իրողութիւն մը չէ, այլ` կենդանի երեւոյթ մը, աշխարհի բոլոր ազգերուն մօտ: Որովհետեւ բոլոր լեզուներն ալ կ՛ունենան իրենց զարգացման ընթացքը` դարերու ընդմէջէն, եւ իբրեւ ապրող երեւոյթ` անդադար կը նորոգուին:
Պէտք չէ կարծել, որ լեզուն երբ մեզի ժառանգ կու գայ անցեալէն, կը ներկայանայ վերջնական ու քարացած կաղապարներով: Ընդհակառակն, ժամանակին հետ, նոր սերունդներու փորձառութեամբ` անիկա կ՛ունենայ իր զարգացումն ու ուռճացումը: Լեզուն կը մեռնի նաեւ, ինչպէս ապրող ամէն երեւոյթ, որ կը ծնի, կը զարգանայ եւ կը մեռնի, ինչպէս մեր գրաբարը մեռաւ, ինչպէս լատիներէնը, հին յունարէնը, հին պահլաւերէնը եւ բազմաթիւ այլ լեզուներ:
Բայց կարեւորը ա՛յն է, որ մահացած լեզուն ժառանգորդ կը ձգէ, ինչպէս է պարագան մեր աշխարհաբարին` իր արեւմտահայ եւ արեւելահայ ճիւղերով: Սակայն լեզուն ապրող երեւոյթ մը ըլլալով հանդերձ, յար եւ նման մարդ էակին` ունի իր նկարագիրը, արտայայտութեան կերպերը, որոնք նման չեն ուրիշ ժողովուրդներու արտայայտութեան եղանակներուն: Կարելի է լեզուի մը կառոյցը ուսումնասիրել եւ երեւան բերել անոր առանձնայատկութիւնները. արդէն ա՛յդ է, որ կը կոչուի հայերէն մտածողութիւն, անգլերէն մտածողութիւն կամ ճափոներէն մտածողութիւն:
Լեզուն եւ միտքը անբաժանելի միութիւն մը կը կազմեն, իսկ մենք կը մտածենք լեզուով: Հիմա, պահ մը նստէ եւ լուռ կերպով մտածէ: Իրականութեան մէջ դուն նախադասութիւններ կը կազմես մտքիդ մէջ, իսկ մտածումը չի բիւրեղանար, ձեւ ու կերպարանք չի ստանար, մինչեւ որ չմտնէ լեզուին կաղապարին մէջ: Եւ ա՛յն անձը, որ դժուարութեամբ կ՛արտայայտուի, ո՛չ թէ որովհետեւ լեզուն աղքատ է, այլ գլխաւորաբար որովհետեւ իր մտածումները տակաւին չեն յստակացած:
Վերջապէս, ամէն մէկ բառ, նոյնիսկ առանց նախադասութեան մը կառոյցին մէջ մտնելու` մշակոյթ մը կը բերէ եւ կ՛արթնցնէ յատուկ զգայնութիւններ, նայած թէ խնդրոյ առարկայ բառին մէջ ինչ բովանդակութիւն դրած են քու հայրերդ եւ անկէ ինչ ժառանգ անցած է քեզի:
Այնպէս որ, ես ո՛չ միայն չեմ հաւատար «պէտք է քանդել լեզուն, պէտք է նոր կառոյց մը առաջացնել կամ լեզուն վայր է» ըսողներուն, այլեւ` արուեստական կը գտնեմ: Տակաւի՛ն. լեզուն միայն արտայայտութեան գործիք չէ, թէեւ պարզ ձեւին մէջ եւ իբրեւ բացատրութիւն այսպէս կ՛ըսենք, բայց ասիկա շատ մակերեսային եւ անճիշդ սահմանում մըն է, որովհետեւ հոգիին եւ մտքին հարազատ պատկերն է լեզուն:
Այնպէս որ, ժողովուրդի մը մեծագոյն ստեղծագործութիւնը իր լեզուն է, իսկ եթէ ժողովուրդ մը տիրացած է բարձր մակարդակի հասած լեզուի մը, որուն միջոցաւ կրնայ արտայայտել բանաստեղծութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ գիտութիւն, կը նշանակէ, թէ այդ ժողովուրդը յաջողած է ձեւաւորել իր մշակութային բարձրագոյն ստեղծագործութիւնը: Ու պարապ տեղ չէ ըսուած, որ մենք ա՛զգ դարձանք, երբ Ոսկեդարուն, գիրի միջոցաւ, մեր գրաբար լեզուն հասաւ իր հասունութեան ու կատարելութեան գագաթնակէտին:
Հ.- Իսկ կարգ մը լեզուաբաններու բացատրութեամբ` «լեզուի պատնէ՞շ»-ը. դուք ինչպէ՞ս յաղթահարեցիք դարերու հոլովոյթին զուգահեռ բարձրացած այս արգելքը, ի՞նչ դժուարութիւններու բախեցաք:
Պ.- Սկզբնական շրջանին, ամէն գրող կ՛ունենայ խարխափումներ, բայց լեզուէն աւելի` ասիկա ոճի, արտայայտութեան ձեւի փնտռտուքն է, եթէ լեզուն անցած է իր արեան մէջ: Կան գրողներ, որոնք մինչեւ իրենց մահը կ՛ունենան բարդ լեզու մը եւ չեն հասնիր արտայայտութեան պարզագոյն վիճակներուն: Այս ալ խառնուածքի հարց է, եւ պարապ տեղ չեն ըսած, թէ «ոճը մա՛րդն է»:
Օրինակ, Օշականի լեզուն, որ բիւրեղացած, մաքրազտուած ոճ մը չէ, բարդ է, որովհետեւ իր մտածելու կերպը այդպէս է, հակառակ անոր, որ մեր լեզուին բոլոր գանձերուն տիրացած արտակարգ երեւոյթ մը կը պարզէ անիկա, բառապաշարն ալ անհունօրէն հարուստ է, բայց երբ նախադասութիւն կը կազմէ, բիւրեղացած ձեւով չի շիներ, որովհետեւ իր մտածման կերպը գալարուող, տառապագին բարդոյթներու հասնող սիստեմ մը ունի:
Հ.- Ճիշդ է: Բարդ ու գալարուող լեզուով մը արտաքնացած հատուածներու մենք կը հանդիպինք «Համապատկեր»-ներուն, «Ծակ պտուկ»-ին, «Մնացորդաց»-ին եւ իր գրական կեանքի վերջին տասնամեակներու ստեղծագործութիւններուն եւ քննադատական թուղթերուն մէջ, բայց, մեր կարծիքով, նոյնիսկ այդ էջերուն, Օշականի լեզուն բարդ ու գալարուող պատկերը միշտ չի պարզեր: Ընդհակառակն, նոյնինքն այս գործերուն մէջ, մեծատաղանդ գրագէտին լեզուն կը հասնի այնպիսի պայծառութեան մը, բանաստեղծական այնպիսի գրաւչութեան մը, լեզուական այնպիսի շքեղութեան մը, որուն ճաշակը տուած էր հայ ընթերցողին` իր երիտասարդական շրջանի ստեղծագործութիւններու տարածքին, այսինքն` «Երբ պատանի են» քնարաշունչ հատորի, «Խոնարհներ»ու եւ «Խորհուրդներու մեհեանը» գործին ծով խորհուրդներուն զուգահեռ:
Պ.- Ամբողջովին համաձայն եմ: Բայց նաեւ պէտք չէ մտահան ընել, որ բարդագոյն մտածելակերպերու եւ ամենախոր հոգեվերլուծումներու ախոյեանն է Օշական մեր գրականութեան մէջ` իր ստեղծագործութիւններուն ջախջախիչ տոկոսով:
Վերադառնալով հարցին, ես միշտ պայծառութեան ու յստակութեան հակում ունիմ: Ոմանք ասիկա չեն գնահատեր` «պարզութիւնը աղքատութեան եւ տափակութեան նշան է» ըսելով: Ո՛չ միշտ: Որովհետեւ երբեմն այդ պարզութեան հասնելու համար, գրագէտէն աւելի երկար աշխատանք կը պահանջուի, քան բարդ ձեւով գրելու պարագային: Ասոնք հազար անգամ կրկնուած ճշմարտութիւններ են. այնպէս որ, վերջին հաշուով, նորէն նոյն տեղը կու գամ,- իւրաքանչիւր գրող, թէ՛ նիւթի, թէ՛ արտայայտութեան եւ թէ լեզուի եւ ոճի տեսակէտէն` ինքն իրեն հետ պէտք է հարազատ ըլլայ, իր խառնուածքին, իր ներքին ձայնին պէտք չէ դաւաճանէ:
Հ.- Անկասկած: Իւրաքանչիւր գրող կամ սերունդ պէտք է անսայ իր ներքին ձայնին: Այլապէս, ան կը դառնայ անհոգի խամաճիկ մը:
Այս կապակցութեամբ, չէ՞ք կարծեր, որ աւանդական բանաստեղծութեան նուիրականացումը մերժող շարժումը, որ կը փորձուի Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, աւելի օգտակար է հայ բանաստեղծութեան, քան դասական վարպետներու հետքերով ընթացող աւանդապաշտ քերթողներուն պահպանողական կրկնութիւնները:
Պ.- Այո, մեզմէ ետք եւ մինչեւ ձեր սերունդը սկսան գրել այնպիսի բանաստեղծութիւններ, որոնք ընդհանուր բառով մը ներկայիս «նորարարութիւն» կ՛անուանուին: Այս բանաստեղծներուն հիմնական առաջին յատկանիշը ա՛յն է, որ յանգն ու չափը մէկ կողմ նետուած են, երկրորդ` պատկերներուն ճոխութիւնն է, որ երբեմն տրամաբանութենէն անդին գացող գերիրապաշտ եւ այլ հասկացողութիւններու դիմելով հանդերձ, դժուարացուցին յուզումին փոխանցումը:
Հիմա, ասոնք բոլորն ալ անշուշտ ըմբռնումի եւ ժամանակի հարցեր են: Մեր օրերուն, նորարարական ձեւով գրող բանաստեղծը Զարեանն էր, բայց ըմբռնելի եւ հաղորդական:
Հ.- Կը խօսիք դասական ոճով մը եւ նոր բանաստեղծութիւնը կ՛ուզէք դատել գեղագիտական այն չափանիշներով, որոնք շրջանցուած են արդի քննադատութեան կողմէ: Արիստոտելեան այն հասկացողութիւնը, որուն համաձայն` օգտակար խօսքը պէտք է բան մը ըսէ գոյութիւն ունեցող բանի մը մասին, այսօր մերժելով կը մերժուի եւրոպական արդի քննադատութեան կողմէ, որ շեշտը կը դնէ գրութեան անկախութեան վրայ:
Պարզ խօսքով` արդի քննադատութիւնը կ՛ընդգծէ, որ արդի թեքսթը միայն ինքզինքը կ՛ըսէ, այսինքն` անիկա անկախ է գոյութիւն ունեցող բոլոր ազդակներէն ու էակներէն, եւ դեռ` նոյնիսկ այդ գրութեան ծնունդ տուած գրողէն, ճիշդ այնպէս` ինչպէս բնութեան պարագան է, որ ինք իւրովի կը ստեղծէ իր ընդհանուր ծիրը, գոյները, ձայները, կշռոյթները եւ այլն: Ուրեմն, «գրութիւնը ինքն իր մէջ գոյութիւն ունեցող յղացք մըն է` անկախ արտաքին ամէն տեսակի անդրադարձներէ»: Հետեւաբար, զայն լուծելու կամ գէթ ընկալելու համար, պէտք է դիմել խնդրոյ առարկայ բնագիրին տուեալներուն եւ ոչ թէ արտաքին լծակներու:
Պ.- Այս բոլոր մտածումները կու գան գերիրապաշտութենէն, որ 1920-ական թուականներուն սկսաւ եւ այսօր վերջացած է արդէն: Գերիրապաշտութեան ձեւական նորութիւնները մէկ կողմ դնելով` ի՞նչ էր ըսածը, եթէ ոչ` վեր բարձրանալ իրապաշտութենէն, այսինքն` ազատագրուիլ մեր գիտակից կեանքէն եւ հասնիլ ենթագիտակից կեանքին, որ գոյութիւն ունի մեր մէջ: Գերիրապաշտները կ՛ուզէին ենթագիտակիցը պարզել ֆրէօյտեան մօտեցումով:
Շա՛տ լաւ: Բայց կարելի չէ, որ ամբողջ սերունդ մը միայն իր ենթագիտակիցը պարզէ եւ անտեսէ իր գիտակից կեանքը: Անհաւատալի է, որ գրագէտ մը ամբողջ կեանք մը կտրուի իր գոյութեան ենթահողը հանդիսացող իրականութենէն, մեզի ներկայացնէ թանձր ու մթին տարազներ եւ ըսէ. «Թափանցէ՛ իմ ենթագիտակիցիս խաւարին մէջ իրարու բախող այս երազային ալիքներուն խորը եւ բան մը առ»: Ընթերցողը քիչ պարագաներուն միայն բան մը կ՛առնէ, բայց առհասարակ բա՛ն մըն ալ չ՛առներ:
Արդ, ինչպէս երաժշտութեան պարագային, բանաստեղծութեան ընկալման պիտի օգնեն ներդաշնակութիւնը, կառոյցը, զարգացման եղանակը եւ այն բոլոր ազդակները, որոնք քեզ վերացումի կամ հիացումի տանելով` պիտի օրօրեն: Որովհետեւ ա՛յն երաժշտութիւնը, որ մենք չենք հասկնար, բայց կ՛ունկնդրենք` գոնէ կը հմայէ մեզ:
Այդ հմայիչ գեղեցկութեան հասնող բանաստեղծութիւն պէտք է եւ ո՛չ թէ զորով (վուլու կ՛ըսեն ֆրանսացիները), պարտադիր ձեւով խօսքը անհասկնալի դարձնող մանուածապաշտութիւնը, որուն դէմ է, որ կը բողոքեմ, այսինքն` բռնարուեստին դէմ եւ ո՛չ թէ ինքնեկ բխումին: Հազա՛ր բարի, եթէ ինքնեկ բխումով կը գրուին տողեր, որոնք թերեւս պայծառութիւնը չունին պէտք եղածին: Իսկ եթէ իր յուզումները, իր ապրումներն ու կեանքը գիտակիցին մէջ կը թաւալին` նախ ատոնք թող արտայայտէ, ենթագիտակիցին հասնելէ առաջ: Վերջապէս, իր ութսուն առ հարիւր համեմատութեամբ` մարդկային կեանքը գիտակիցին արդիւնքն է: