Համազգայինի Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին Միջեւ Գործակցութեան Համաձայնագիրի Շնորհահանդէս. Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան Զեկուցեց «Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցեր»-ու Հեռաուսուցման Համակարգին Մասին
Համազգայինի եւ Երեւանի պետական համալսարանի աննախընթաց նախաձեռնութեամբ, երեքշաբթի, 25 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու ծրագիրի համացանցային հեռակայ դրութեամբ փոխանցուելիք համակարգի շնորհահանդէսը:
Մեծամասնութեամբ ուսուցիչներու, տնօրէններու, կրթական մշակներու, համալսարանականներու եւ առհասարակ հայոց պատմութեամբ հետաքրքիր ազգայիններու ներկայութեամբ կայացած այս ձեռնարկին իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան` ներկայացնելով օրուան զեկուցումին խորագիր` «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու հեռաուսուցման եռամսեայ խտացեալ ծրագիրը: Իր բացման թէ փակման խօսքերով Լատոյեան ընդգծեց աննախընթաց այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը, որ հիմնականին մէջ կը միտի մարդուժի պատրաստութեան: «Այս ծրագիրը ուսուցիչներու վերաորակաւորման ձգտող կամ հայագիտական նիւթի մասնագիտական մօտեցումով ծրագիր չէ», շեշտեց Լատոյեան` նշելով, որ այս ծրագիրին կրնան մասնակցիլ համալսարանական վկայականներով թէ մասնագէտ, փորձառու ուսուցիչներ ու առհասարակ` հայոց պատմութեան գծով իրենց տեղեկութիւնները վերաթարմացնելու ձգտողներ: Ապա Լատոյեան խօսքը փոխանցեց օրուան զեկուցաբեր-բանախօս, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին:
Աւելի քան կէս ժամ տեւած իր զեկուցումին ընթացքին դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան ընդհանուր գաղափար մը տուաւ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու եռամսեայ խտացեալ ծրագիրի գործադրութեան ձեւերու մասին, ուր դասընթացքը տեղի կ՛ունենայ համացանցային հեռակայ դրութեամբ եւ ուր ծրագիրին մասնակից թեկնածուն կրնայ իր փափաքած ժամերուն հետեւիլ դասաւանդութեան գրաւոր թէ դասախօսին կողմէ բանաւոր ներկայացման: Անդրադառնալով այս ծրագիրի մշակման շարժառիթներուն` դոկտ. Յովհաննիսեան նշեց, որ այս գաղափարը ծնաւ յատկապէս լիբանանահայ ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն համար 2013-ին, հայոց պատմութեան դասագիրքերու պատրաստութեան ընթացքին:
«Այդ իսկ պատճառով մենք ընտրեցինք ամէնէն մատչելի տարբերակը, որ ձեզ թոյլ կու տայ խնայել ձեր ժամանակն ու գումարները եւ կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ ծաւալով նիւթեր իւրացնել, միաժամանակ պահպանելով համալսարանական կրթութեան չափանիշները եւ աւարտին ստանալ Երեւանի պետական համալսարանի վկայագիր, հաստատուած միջազգային կնիքով», ընդգծեց Յովհաննիսեան: Իր զեկուցումին ընթացքին մերթ ընթ մերթ համացանցի օգնութեամբ տուած բացատրութիւններով, դոկտ. Յովհաննիսեան նշեց, որ ծրագիրին մասնակից թեկնածուն համացանցի միջոցով եւ նախօրօք ճշդուած վայրի եւ ժամանակի ընթացքին պարտի ներկայացնել երկու ընթացիկ եւ մէկ աւարտական քննութիւններ: Քննութիւնները կ՛ընթանան իննսուն առ հարիւր համեմատութեամբ գրաւոր ձեւով` տուեալ հարցումի մը գծով նշուած չորս պատասխաններէն մէկը ընտրելով: Միայն Համազգայինի խողովակով եւ ոչ անհատական ձեւով, մասնակցող թեկնածուները կը կազմեն 7-10 անդամներէ բաղկացած խումբեր, որոնք կ՛ընտրեն իրենց աւարտաճառը` նշուած 63 նիւթերէն:
Զեկուցումին աւարտին տեղի ունեցաւ նշեալ ծրագիրի համակարգի պայմանագրութեան ստորագրութիւնը, Համազգայինի յանձին` Յակոբ Լատոյեանի եւ Երեւանի պետական համալսարանի յանձին` դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի միջեւ:
Հետաքրքրուողները պարտին դիմել Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատկան մարմինին եւ կամ ծրագիրի կայքը.
http://www.armin.am/am/herausucum
Մասնակցութեան սակ` երեք հարիւր ամերիկեան տոլար ($300):

