Թուրք Փաստաբան Էրտալ Տողան Եւ Պոլսահայ Լրագրող Հրանդ Գասպարեան Այցելեցին «Ազդակ»
Երէկ Հրանդ Տինքի հարցով թուրք պաշտպան փաստաբան Էրտալ Տողան, անոր կինը` Սելինա Տողան եւ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեան այցելեցին «Ազդակ»` ընկերակցութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի եւ վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեանի: Հիւրերը տեսնուեցան տնօրէնութեան հետ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Թուրքիոյ տարածքին ազգային փոքրամասնութիւններու վերաբերող իրադարձութիւններուն, պոլսահայ համայնքին եւ մամուլի հետ կապուած խնդիրներուն վրայ:
CATEGORIES Գաղութային

