Կոչ Համայն Քեսապահայութեան
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Տեղահանուած է քեսապահայութիւնը:
Այս կացութեան միակ պատասխանատուն Թուրքիան է` հայութեան դարաւոր թշնամին: Մենք ամուր ենք մեր լեռներուն պէս: Հաւաքաբար պիտի յաղթահարենք այս դժբախտութիւնը:
Ուրե՛մն, համախմբուի՛նք եւ զօրաշարժի ենթարկենք մեր բոլոր կարելիութիւնները` յանուն մեր հայրենի բնակավայրը վերադառնալու եւ յանուն մեր ժողովուրդի վերականգնման:
ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ
Վարուժ Պետիրեան` ատենապետ
Ստեփան Աբէլեան` քարտուղար
Արա Քէշիշեան` հաշուապահ
Սեպուհ Քիւրքճեան` գանձապահ
Փառէն Յովսէփեան` խորհրդական
Վազգէն Չափարեան` խորհրդական
Պետրոս Դանիէլեան` խորհրդական
26 մարտ, 2014
CATEGORIES Գաղութային

