«Բագին». Զոհրապ Գիրեջեանի «Կեանքի Բեկորներ» Հատորի Ներկայացում

DSC09230Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 26 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Զոհրապ Գերեջեանի «Կեանքի բեկորներ» պատմուածքներու գիրքը:

Դոկտ. Սեդա Քիլեճեան հաղորդական ոճով եւ գրեթէ մանրամասն ներկայացուց հատորին պատմուածքները, անդրադառնալով իւրաքանչիւրին արծարծած նիւթին: Ան լուսարձակի տակ առաւ հեղինակի ստեղծած հերոսները, ուշադրութիւն դարձնելով անոնց ներաշխարհներու նկարագրումին, ինչպէս նաեւ պատկերեց հատորին մէջ տեղ գտած ազդու, հետաքրքրական եւ գրաւիչ նկարագրութիւնները, ըստ յարմարութեան յաճախ կարդալով պարբերութիւններ կամ մէջբերելով օրինակներ:

Գրագէտին կեանքի ըմբռնումը, արդարութեան ջատագովութիւնն ու անարդարութեան դէմ ըմբոստ ներաշխարհը կը դրսեւորուին «Տարեդա՞րձ, թէ՞ կեանքի հաշուեյարդար» եւ «Մենակեացը եւ…» պատմուածքներուն մէջ, անշուշտ իր հերոսներու տիպարներուն ընդմէջէն: Հերոսը կեանքի դատարկութենէն յագեցած է եւ կը փնտռէ նոր հորիզոններ: Այս պատմուածքներուն մէջ կը կարդանք կեանքի, էութեան իմաստասիրական մտորումներ իսկ կեանքէն:

Հայրենաբաղձութեան զգացումը ներկայ է ամբողջ հատորին մէջ, սակայն անիկա յատկապէս եւ ուղղակիօրէն կը դրսեւորուի «Հողին կանչը» եւ «Արցախի ղօղանջը» պատուածքներուն մէջ: Հերոսներու խօսքերով, հեղինակը կը փոխանցէ իր կարծիքը ազգային հարցերուն նկատմամբ. ան կը հաւատայ, թէ սփիւռքահայը միայն իր հայրենիքին մէջ է, որ պիտի գոյատեւէ եւ պահպանէ իր ինքնութիւնը, ապրելով առանց ինքութեան երկուութեան զգացումի. հեղինակը անուղղակիօրէն կը հաստատէ, որ մնայունը հայրենի՛քն է, զոր պէտք է ոտքի պահել ամէն գնով: Ուրիշ տեղ, հերոսին հօր միջոցով, գրագէտը կը յայտնէ, թէ ինչպէ՛ս սփիւռքահայու ականջին անդադար կը հնչէ հողին կանչը եւ թէ այս հողին հետ կապի զգացումը, ազգային ջիղը պիտի չմարի, եւ ինչու չէ պիտի հզօրանայ սփիւռքահայուն մօտ:

Իր խօսքը աւարտելով` դոկտ. Քիլեճեան ընդհանուր գնահատականը տուաւ հատորին: Ան յայտնեց, որ հատորին լեզուն պարզ է ու հաղորդական, անոր ընթերցումը` հեզասահ ու հաճելի: Բանախօսը նաեւ յայտնեց, որ պատմուածքներուն մէջ տեղ կը գտնեն բարոյական նոր ըմբռնումներու ակնարկութիւններ, յատկապէս ցուցամոլութեան, յառաջդիմութեան եւ արհեստագիտութեան վերաբերող: Քիլեճեան նաեւ անդրադարձաւ հատորին մէջ տեղ գտած տարբեր եւ տարօրինակ խօսելաոճերու, որոնք յատուկ են գրագէտին: Դասախօսը վերջապէս գնահատեց գրագէտին ստեղծած պատկերները, որոնք անպայման ընթերցողին մտածել կու տան ու սրտին կը խօսին, յատկապէս որովհետեւ պատմուածքներու ներշնչումը կու գայ ապրուած ու իրական կեանքէ:

Յակոբ Պալեան կրկին շեշտեց ազգային զիծը, որով կը շնչեն Զոհրապ Գիրեջեանի պատմուածքները` աւելցնելով, որ մարդ-անհատ իր հողո՛վ, հայրենիքո՛վ կը դառնայ ամբողջական մարդ, եւ այս կեցուածքը առկայ է ներկայ հատորին մէջ:

Հանդիպման աւարտին, ներկաները զրուցեցին հատորին մասին, գնահատելով գրագէտին խօսելաոճը, անմիջական լեզուին պարզութիւնն ու արծարծած նիւթերը: Ներկաները անհրաժեշտ գտան ժամանակակից գրագէտներու գործերու ներառումը հայագիտութեան նոր դասագիրքերուն մէջ:

Վերջապէս ցաւով կը նշենք, որ ոչ մէկ երիտասարդ ներկայ էր ընթերցման հանդիպման. այս երեւոյթըմտածել կու տայ մեզի անոր պատճառներուն, ինչպէս նաեւ հետեւանքներուն մասին: Պիտի կարենա՞նք ի վերջոյ երիտասարդներ հաւաքել գիրքին ու ընթերցանութեան շուրջ, ուր արդէն իսկ մշակոյթ դարձած շպարի ու ցուցամոլ ձեւականութեան պաշտամունքը կը փոխարինուի գրականութեան փոխանցած մնայուն, հոգեթափանց ու ազնուացնող հոգեմտաւոր արժէքներով:

 

Share this Article
CATEGORIES