Համազգային «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոց. Դասական Եւ Ժողովրդային Երաժշտութեան Հերթական Ունկնդրութիւն

Hamazkayin-26032014Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին, երէկ` չորեքշաբթի, 26 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական եւ ժողովրդային երաժշտութեան ունկնդրութիւն, որ իր տեսակով ամսական հերթականութեամբ կրկնուող նախաձեռնութեան մը մաս կը կազմէ:

Սոյն երաժշտական երեկոյին ելոյթ ունեցան «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչներէն Աշոտ Ճենտերեճեան, Արմէն Ճենտերեճեան, Տաթեւիկ Արթինեան եւ Խաժակ Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ երաժշտանոցի աշակերտներէն Սեւակ Զարմէնեան, Կարօ Աֆարեան, Գալին Տէր Խաչատուրեան, Կայել Գրիգորեան, Քարլա Օհաննէսեան, Կարօ Գրիգորեան, Ալեքս Սուսանի, Հրակ Տեմիրճեան, Մարինէ Հալլաճեան, Սագօ Հալլաճեան, Նարէ Աղասարգիսեան, Եդուարդ Միրզոյեան եւ Նաժիպ Հանքաշ:

 

Share this Article
CATEGORIES