Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Հեննաուիի

PROFOTO
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հեննաուի երէկ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամի:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի:
Հանդիպումին ընթացքին Համմամ շնորհաւորեց նոր նախարարը` իր այս պաշտօնին ստանձնումին առիթով, անոր մաղթելով յաջողութիւն:
Ապա, ան նախարարին ներկայացուց ֆետերասիոնին տարեկան ծրագիրը եւ խօսեցաւ թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ այս տարեշրջանի յայտագիրին վրայ եղող տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն Լիբանանի ազգային խումբերուն եւ ակումբներուն մասնակցութեան մասին:
Աւարտին նախարար Հեննաուի շնորհակալութեան խօսք ուղղեց եւ յատուկ յուշանուէր մը ստացաւ Համմամէն:

