Լաթաքիոյ Հիւսիսը Եւ Քեսապի Արեւմտեան Մուտքին Մօտ Բուռն Մարտերը Կը Շարունակուին

Kesab2603«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը յարձակած է Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող «45-րդ կէտ» բլուրին վրայ, եւ տեղի ունեցած բախումներու պատճառով զինեալները կորուստներ ունեցած են: Ըստ «Մայատին»-ի, սպաննուած են 12 զինեալներ:

Բանակը հարուածած է նաեւ Լաթաքիոյ Ժապալ Նասր շրջանին մէջ գտնուող զինեալները` պատճառելով լուրջ կորուստներ:

Բացի ատկէ, բուռն մարտերը կը շարունակուին Քեսապի արեւմտեան մուտքին մօտ` Էքիզոլուխ շրջանին մէջ: Աղբիւրին հաղորդումով, Հալէպի մէջ 25 մարտին հրասանդէ արձակուած ռումբերու իյնալու պատճառով արձանագրուած է 9 զոհ եւ աւելի քան 35 վիրաւոր:

ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, որ Հալէպի Շէյխ Սաատ թաղամասին մէջ բանակը կանխարգիլած է զինեալ խմբաւորումներու մուտքը քաղաքի անվտանգ թաղամասեր:

Ըստ «փանտուխը.լայվճըրնըլ»-ի, Քեսապի մէջ բախումներու ընթացքին սպաննուած է աւելի քան 13 ահաբեկիչ` 2 թուրք եւ 7 ազրպէյճանցի: Անոնք ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ եղած են:

«Մայատին» երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը շրջան յաւելեալ ուժեր ուղարկած է:

Share this Article
CATEGORIES