Լիբանանեան Սահմանային Խախտումները Կը Շարունակուին Իսրայէլի Կողմէ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերէ բաղկացած դասակ մը Այթա Շաապի կողմէ խզած է Լիբանանի սահմաններն ու սահմանային Կապոյտ գիծը եւ 20 մեթր յառաջացած:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը համապատասխան միջոցառումներու դիմած է` կասեցնելու համար իսրայէլեան դասակին յառաջխաղացքը:

Բանակը պահանջեց վերջ տալ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուող այս մնայուն ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:

Ռաս Նաքուրայի Մէջ Եռակողմանի
Զինուորական Հանդիպում 

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ, նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ   իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանային Կապոյտ գիծը խախտելու արարքները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան բանակին նահանջը ապահովելու քայլերը:

Զօր. Սերրա անհրաժեշտ նկատեց հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ շեշտեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին յանձնառութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES