Ռիֆի. «Պաշտպանութեան Եւ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնները Թրիփոլիի Բռնարարքները Կասեցնելու Ծրագիրներ Ունին»
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախատեսեց, որ կառավարութիւնը վաղուան իր նիստին ընթացքին Թրիփոլիի մէջ ապահովական կացութիւնը հակակշռելու առումով համապատասխան միջոցառումներ եւ ծրագիրներ որդեգրէ:
Ռիֆի հաստատեց, որ պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները ունին մշակած են այնպիսի ծրագիրներ, որոնց նպատակն է Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն, բռնարարքներուն եւ արիւնահեղութեան վերջ տալ:
Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է լուծել Թրիփոլիի բախումներուն տուն տուող դրդապատճառները:
CATEGORIES Լիբանանեան

